Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Տիճլէ» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վանի Իփեքէօյլիւ շրջանին մէջ գտնուող հայկական հին գերեզմանատան տեղ թաղապետի եւ Արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան համագործակցութեամբ գոմ եւ անասնակերի պահեստներ կառուցելու որոշում տրուած է:

Տարիներ շարունակ աւերուած գերեզմանատան տապանաքարերը բնակիչներէն շատերը տուներու եւ գոմերու շինարարութեան համար օգտագործած են, իսկ ոմանք ալ դէմ կ՛արտայայտուին պատմական ժառանգութեան ոչնչացման:
Քսան հազար քառակուսի մեթր տարածքին մէջ, որ շրջակայքի բնակիչները «հայկական գերեզմանոց» կը կոչեն, պահպանուած է մէկ մասը միայն գերեզմանաքարերուն, որոնք կրնան պատմական ժառանգութիւն նկատուիլ:
Գերեզմանաքարերուն մէկ մասը աւերուած ու կողոպտուած է, միւս մասն ալ իբրեւ շինանիւթ ծառայած է շրջակայքի բնակիչներուն համար: Երկրաշարժէն ետք տարածքը փորուած էր Արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան կողմէ, որպէսզի այնտեղ տնակներ տեղակայեն: Իսկ այժմ այնտեղ բնակիչներուն համար գոմեր պիտի կառուցուին:
Այժմ թաղային խորհուրդը դիմած է շարք մը կառոյցներու՝ այդպիսի շինարարութիւնը արգիլելու պահանջով, սակայն առայժմ ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է: