Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Կարսի մէջ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, բաւական մանրամասն անդրադարձներ եղան տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն:

«Հայաստանը պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկէ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրները կարգաւորելու համար», - Կարսի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:
Թրքական դիւանագիտութեան ղեկավարը ըսած է թէ յոյս ունի, որ Հայաստանը պիտի սկսի համագործակցիլ տարածաշրջանի պետութիւններուն հետ: Ան աւելցուցած է թէ պաշտօնական Անգարան կը ճանչնայ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի միջազգային համաձայնագրերու հիման վրայ», - խօսքերով արտայայտուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Էլմար Մամետիարովը, ըստ Anadolu լրատուական գործակալութեան հաղորդումին:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Թամար Բերուչաշվիլի  ըսած է թէ «Կարսի հանդիպումը կրնայ կենսական նշանակութիւն ունենալ տարածաշրջանի մէջ առկայ սպառնալիքներուն հակազդելու գործին մէջ»: