Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի նախագահ Անն Պրայսոր դատապարտած է Ատրպէյճանի մէջ ծանօթ իրաւաբան Խալիտ Պագիրովի գործունէութեան կասեցումը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս» այս մասին իր տեղեկութիւնները քաղելով Haqqin.az կայքէջէն, ԵԽԽՎ նախագահը ըսած է թէ «Ատրպէյճանի մէջ իրաւապաշտպաններու դէմ սպառնալիքներու ուժեղացումը եւ անկախ իրաւաբաններու դէմ ճնշումները անընդունելի են»: Պրայսոր ուշադրութիւն հրաւիրած է այն կէտին վրայ, թէ մինչեւ այսօր կալանքի տակ կը գտնուի ատրպէյճանցի փաստաբան Իլգար Մամեդովը, մինչ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումը յայտարարած էր թէ եւրոպական համաձայնագրի դրոյթներուն դէմ էր անոր ձերբակալումը: «Հետեւաբար ես կոչ կÿուղղեմ Ատրպէյճանին, անմիջապէս ազատ արձակել Իլգար Մամետովը եւ դադրեցնել քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներու եւ անոնց փաստաբաններուն դէմ գործադրուող ճնշումները» ըսած է Անն Պրայսոր:
Նոյն պահուն, Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն պաշտօնական մակարդակով բարձրաձայնել Ատրպէյճանի մէջ մարդոց իրաւունքներու բնագաւառի գծով լուրջ դժգոհութիւն: 
Սթէյթ տիփարթմընթի խօսնակ Ճեն Փսաքի լրագրողներու հետ ամէնօրեայ զրոյցին ժամանակ անդրադարձած է դարձեալ ատրպէյճանցի լրագրող, «Ազատութիւն» ռատիոկայանի ատրպէյճանական ծառայութեան թղթակից Խադիճա Իսմայիլովայի ձերբակալութեան հարցին, նշելով թէ «մենք խորապէս անհանգստացած ենք Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու եւ լրագրողներու նկատմամբ աճող սահմանափակումներու կապակցութեամբ: Շատ մտահոգ ենք Խադիճա Իսմայիլովայի նախադատական կալանաւորմամբ: Մենք անհանգիստ ենք որ պետութիւնը չի կատարեր իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, մարդոց իրաւունքներու դաշտէն ներս» ըսած է Փսաքի: Ան կոչ ուղղած է Ատրպէյճանի կառավարութեան յարգել իր քաղաքացիներու համընդհանուր իրաւունքները եւ թոյլ տալ որպէսզի բոլորը ազատօրէն արտայայտեն իրենց գաղափարները: