Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրք ծանօթ հրապարակագիր Ահմէտ Ինսէլ «Ռատիքալ»ի կայքէջին վրայ անդրադարձած է Հրանդ Տինք հիմնարկին կողմէ Անգարայի մէջ կազմակերպուած երկօրեայ աշխատաժողովին, որուն մայր նիւթն էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «կնքուած դուռ»ը, այլ խօսքով՝ երկու եր- կիրներու փակ սահմանադուռը:

Ինսէլ, որ մասնակցած է այդ համաժողովին, կ’ընդգծէ, որ շատ լաւ պատրաստուած աշխատաժողով մըն էր, որ կը յիշեցնէր թէ Թուրքիա, իբր հետեւանք ղարաբաղեան հակամարտութեան, 1994 թուականին ի՛նչպիսի աճապարանքով կայացուցած էր սահմանը փակելու որոշումը, եւ այդպէսով, հակառակ անոր որ համամիտ չէր այդ քայլին, ինքզինք կապած էր հարցի մը որուն լուծումը շատ դժուար պիտի ըլլար ապագային:

Ահմէտ Ինսէլ կը յիշեցնէ ղարաբաղեան պատերազմին դրուագները: Թուրքիա, հայկական բանակին կողմէ Քելբաջարի գրաւումէն վերջ սահմանը կնքեց 1993 Ապրիլ 3ին: Հազիւ մէկուկէս տարի առաջ էր, որ Թուրքիա ճանչցած էր նորանկախ Հայաստանը ու յարաբերութիւններ մշակել սկսած էր անոր հետ, թէեւ տակաւին դեսպանութիւններ չէին բացած երկու երկիրներուն մէջ: Սահմանը փակուեցաւ: Այս որոշումը ընդունողները բնաւ չմտածեցին, որ այս հարցը ապագային դժուար լուծելի խնդիր մը պիտի դառնար Թուրքիոյ գլխուն: Սահմանին կնքուելէն երկու շաբաթ վերջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Թուրկութ Էօզալ մահացաւ: Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան յուղարկաւորութեան գնաց Թուրքիա: Այն ատեն, ան յուսալից էր որ յարաբերութիւնները պիտի բարելաւուին:
Ինսէլ շատ յստակ կերպով դիտել կու տայ, թէ Թուրքիա այդ որոշումը կայացնելով կը կատարէր Ատրպէյճանի ուզածները միայն: Հրապարակագիրը ամփոփելէ ետք այդ տարիներու ռազմական եւ քաղաքական զարգացումները, հասնելով այսօրուան, կ’եզրակացնէ, թէ ներկայիս այդ սահմանին առընչութեամբ իրավիճակ մը ստեղծուած է, որուն թելերը Ատրպէյճանին յանձնուած են: