Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Ատրպէյճանի՝ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ երկու տարի ըլլալը Հայաստանի համար շատ լուրջ փորձութիւններու ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլայ»

ՄԱԿ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով պիտի դառնայ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ: Ատրպէյճան իր անդամակցութիւնը ապահովեց Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24ի երեկոյեան, երբ 16 հանգրուաններէ ետք, Սլովենիա որոշեց իր թեկնածութիւնը քաշել:


Քուէարկութիւնը սկսած էր անցեալ Ուրբաթ օր, լեցնելու համար Արեւելեան Եւրոպայի յատկացուած աթոռը: Ատրպէյճանի անդամակցութեան, որուն հիմնական մրցակիցը Սլովենիան էր, թեր քուէարկած է 155 երկիր:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ողջունեց այս իրադարձութիւնը՝ զայն որակելով Ատրպէյճանի ժողովուրդին յաղթանակը:
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը ունի վեթոյի իրաւասութիւն ունեցող 5 մշտական անդամ՝ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Չինաստան. այլ տասը՝ ո՛չ մնայուն անդամներ, կ՛ընտրուին երկու տարուան պաշտօնավարութեամբ, սակայն ամէն տարի կը փոխուի անոնցմէ հինգը:
Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը պիտի սկսի Յունուար 1, 2012ին ու պիտի աւարտի Դեկտեմբեր 31, 2013ին

Ա. Ռուստամեանի կարծիքը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան երէկ emedia.am կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճանի՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ դառնալու փաստը Հայաստանին նախաձեռնող չըլլալու հերթական հետեւանքն է:
Ըստ անոր, իշխանութիւնները շատ մեծ յաջողութիւն կը նկատէին կիրարկուած այն մարտավարութիւնը, որ Հայաստան չ՛առաջադրեր իր թեկնածութիւնը եւ անով աւելի պիտի դժուարացնէ Ատրպէյճանի անցնիլը: Ան նշեց, որ կար նաեւ հակառակ տեսակէտը. բոլոր անոնք, որոնք խնդիր ունէին եւ դժուարութիւնը՝ ընտրել Հայաստա՞ն, թէ՞ Ատրպէյճան, այդ դժուարութիւնը այլեւս չեն ունենար եւ Ատրպէյճանի ձայները կը շատնան: Արմէն Ռուստամեան աւելցուց, որ Ատրպէյճանի՝ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ երկու տարի ըլլալը Հայաստանի համար շատ լուրջ փորձութիւններու ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլայ, եւ բնական է, որ ատրպէյճանցիք պիտի ձգտին, որ Ապահովութեան խորհուրդը իրենց համար ձեռնտու հաստատումներով նոր բանաձեւ ընդունի:
Ա. Ռուստամեան այս ամէնը ձախողութիւն կը նկատէ՝ նշելով սակայն, որ իշխանութիւնները ասիկա անգամ մը եւս պիտի փորձեն իբրեւ մեծ յաջողութիւն ներկայացնել: «Ինչպէս մեր մօտ սովորաբար կը պատահի: Հայ-թրքականն ալ հիմա կը նկատեն մեծագոյն յաջողութիւն: Պաշտօնական քարոզչութեան ձեւերուն մենք ծանօթ ենք», նշեց Ա. Ռուստամեան:
Ըստ դաշնակցական գործիչին, Արցախի հարցին մէջ Ատրպէյճանի յաջողութիւնները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կախեալ են այն կէտէն, որ Ատրպէյճան ի՞նչ բանաձեւեր պիտի յաջողի այնտեղ անցընել:
Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճան ամէն ինչ պիտի ընէ այդ 2 տարին լիարժէքօրէն իր օգտին օգտագործելու համար, իսկ Հայաստան ընդհանրապէս խաղէն դուրս կը գտնուի եւ նախաձեռնութեան դարձեալ մեր հակառակորդը կը տիրէ: