ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ռատիքալ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդը չէ ուզած պատիժ սահմանել «Քանալ Ա.» կայանին դէմ, որ իր յայտագիրներէն մէկուն մէջ Աթաթիւրքը նախատած էր՝ անոր վերագրելով կաշառակերութեան յանցանք մը։
Յատկանշական է, որ խորհուրդի կազմին մաս կազմող իշխող կուսակցութեան հինգ անդամները այս յայտագիրին մէջ յանցագործութիւն չեն տեսած, մինչ ընդդիմադիր երեք կուսակցութեանց անդամները պաշտպանած են այն տեսակէտը, թէ հոն ծանր նախատինք կայ Աթաթիւրքի հասցէին, եւ թէ կայանը պէտք է պատժուի։
«Քանալ Ա.»ը Հոկտեմբեր 20ին սփռած էր յայտագիր մը, որ կը կրէր «Պաշտօնական պատմու- թենէն դէպի իրական պատմութիւն» խորագիրը։ Այս յայտագիրին հաղորդավարն էր Սատըք Եալսըզուչանլար, իսկ ընթացքին հիւրաբար կը խօսէր Սատըք Ալփսոյ։ Յայտագիրին ընթացքին պնդուեցաւ, որ այն շրջանին, երբ Աթաթիւրքի հիմնած Հան- րապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը երկիրը միահեծան կը կառավարէր, ապօրինութիւնները բնականոն դարձած էին։