Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

images/stories/ilham%20aliev1-25-10-2011.jpgՀոկտեմբերի կիսուն, Ատրպէյճանի անկախութեան 20րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան մը ընթացքին, նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է թէ «եթէ Ատրպէյճանի ղեկավարը սկիզբէն Հայտար Ալիեւը ըլլար, մենք մէկ թիզ հող իսկ կորսնցուցած չէին ըլլար»: Ապա

խօսելով Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի ունեցած «առաւելութիւններուն» մասին՝ Ալիեւ դիտել տուած է, որ իր երկրին ռազմական պիւտճէն 500 միլիոն տոլարով կը գերազանցէ Հայաստանի ամբողջ պիւտճէն:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի բնակչութեան քանակներուն միջեւ գտնուող զգալի տարբերութեան՝ Ալիեւ ըսած է. «Ատրպէյճանի բնակչութեան քանակը գերազանցած է 9.1 միլիոնը, մինչդեռ բացարձակ անտարբերութեան մատնուած Հայաստանի քաղաքացիները վերջնականպէս կը լքեն իրենց երկիրը: Մենք երբեք պիտի չհամակերպինք մեր հողերու բռնագրաւման հետ եւ պիտի վերականգնենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը» ըսած է ան: