Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Անցնող իւրաքանչիւր օր, Թուրքիոյ կրօնամէտ իշխանութիւններու քայլերէն
աւելի բացայայտ կերպով կ'ուրուագծուին մահմետական աշխարհին վրայ
կշիռք հաստատելու միտող անոնց 
ծաւալապաշտ նպատակները 

Էրտողանի «մարգարիտ»ները...

Թուրքիա՝ Պոլսոյ մէջ կազմակերպած է Լատինական Ամերիկայի մահմետական կրօնապետերու վեհաժողով մը: Ժողովի փակման առթիւ ունեցած իր ելոյթին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան դարձեալ «մարգարիտ»ներու շարան մը հրամցուցած է:

Ան նախ պնդած է, թէ Ամերիկեան ցամաքամասը յայտնաբերողը ոչ թէ Քրիստափոր Գոլոմպոսն է, այլ՝ մահմետականները, որոնք հոն առաջին ոտք դնողները եղած են 1178ին: Ապա, շարունակած է, թէ Գոլոմպոս իր յուշերուն մէջ կը խօսի Գուպայի գագաթին տեսած մզկիթի մը մասին: Էրտողան եզրակացուցած է՝ «Գուպայի գագաթին մզկիթ մը կը վայելէ», աւելցնելով. «Թող արտօնեն, անմիջապէս կը կանգնեցնենք»։
Թուրքիոյ նախագահը ժողովականներուն յայտնած է նաեւ թէ մահմետական կրօնքը Աստուծոյ կողմէ մարդ արարածին շնորհուած ամենէն մեծ ընծան է: Օսմանեան կայսրութիւնը զայն հասցուցած է մինչեւ Լատինական Ամերիկա:
Թուրքիոյ պետութեան ղեկավարը յայտարարած է նաեւ որ մօտ օրէն շրջապտոյտի մը կը ձեռնարկէ դէպի համաշխարհային աշխարհագրութեան այդ շրջանի որոշ երկիրներ:

«Քոպանէի համար աշխարհը ոտքի հանողները,
Հալէպի համար իրենց ճկոյտն իսկ չեն շարժեր»

Էրտողան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ օրակարգի որոշ հարցերու: Ան անգամ մը եւս թերահաւատութիւն յայտնած է Իսլամական Պետութեան դիրքերն ու զօրքերը օդէն ռմբակոծելու արդիւնաւէտութեան նկատմամբ, աւելցնելով որ կարելի չէ այդպէսով արդիւնքի հասնիլ։
Գալով Ասատի հետ իր հաշուեյարդարին, Էրտողան ըսած է, թէ «հարց կու տան՝ եթէ Ասատ հեռանայ, ո՞վ պիտի փոխարինէ զինք», պարզապէս ժողովուրդին կամքն է, որ զայն պէտք է փոխարինէ, ըսած է Էրտողան։
Ինչ կը վերաբերի Քոպանիի պարագային, թուրք նախագահը ըսած է, թէ ինք ազդարարած է, որ հոն ղրկուած զէնքերը պիտի անցնին «ահաբեկիչներուն» (իմա՝ ՓՔՔ-ի) ձեռքը, բայց ոչ մէկը լսած է զինք: Ապա, «Քոպանիի համար աշխարհը ոտքի հանողները, Հալէպի համար իրենց ճկոյտն իսկ չեն շարժեր» դիտել տուած է ան։

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ զինեալները տեսանիւթ մը հրապարակած էին Նոյեմբեր 15ին, ուր կը ներկայացուէր ամերիկացի նոր պատանդի մը՝ 26ամեայ Փիթըր Քասիկի գլխատումը: Ան նախկին զինուոր ըլլալով հանդերձ, ներկայիս կը ծաւալէր մարդասի- րական գործունէութիւն եւ այդ ծիրէն ներս կը գտնուէր Սուրիա ուր ալ առեւանգուած էր: Այդ տեսանիւթին մէջ կը գըլխատուին նաեւ շուրջ երկու տասնեակ ուրիշ այրեր ալ, որոնք ԻՊ-ի կողմէ կը ներկայացուին որպէս սուրիական բանակի զինուորներ: Մինչ Փէնթակոն վերա-պահութեամբ կը մօտենար տեսանիւթին ու յայտարարած էր թէ կÿուսումնասիրուի անոր ստուգութիւնը, արդէն արեւմտեան աշխարհը՝ սկսած Փարիզէն եւ Լոնտոնէն, կը դատապարտէր բարբարոսական այս նոր արարքը: