Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Երէկ երեկոյեան, Պաքուի իր այցելութեան առիթով եւ Իլհամ Ալիեւի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, Ղարաբաղի հարցին անդրադարձած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի, յայտնելով թէ իրենք անհանգիստ են Ղարաբաղի մեզ այսօրուայ առկայ դրութեամբ:

«Մեզ դուր չի գալիս այս դրութիւնը: Մեր ցանկութիւնն է, որ այս տարածաշրջանէն ներս արդարութիւն ըլլայ, խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարեկամութիւն հաստատուի: Մենք մեր կողմէ պատրաստ ենք ընելու հնարաւորը՝ այդ նպատակին հասնելու համար: Մենք նաեւ վստահ ենք, որ այս հարցը քաղաքական ճանապարհով պէտք է լուծուի: Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, մեր համոզմամբ, ռազմական լուծում չունի», ըսած է ան:

Ատրպէյճանի եւ Իրանի նախագահներու ասուլիսը կայացաւ հայկական «Մի-24» ուղղաթիռի կործանումէն հազիւ մի քանի ժամ ետք: 1994 թուականէն ի վեր շփման գծին վրայ տեղի ունեցած աննախադէպ այս միջադէպէն յետոյ հնչած իր առաջին իսկ ելոյթին մէջ՝ Իլհամ Ալիեւը կրկին պնդած է, որ պաշտօնական Պաքուն ամէն ինչ պիտի ընէ Լեռնային Ղարաբաղն ու յարակից տարածքները ետ բերելու համար:
Իրանի նախագահի ներկայութեան՝ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ կը խօսէր տարածքներու 20 տոկոսի «գրաւման», մէկ միլիոն փախստականներու եւ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» մասին:
Իլհամ Ալիեւի ռազմատենջ յոխորտանքներուն պատասխանը փաստօրէն Հասան Ռոհանին տուած է՝ «Ղարաբաղեան խնդիրը ռազմական լուծում չունի» խօսքերով:

Ուղղաթիռը վար առած ատրպէյճանցի զինուորը պարգեւատրուած է

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի ատրպէյճանական ծառայութիւնը յղում կատարելով պաշտօնական հաղորդագրութեան մը կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարգեւատրած է հայկական ուղղաթիռը վար առած զինուորը:
Արհեստավարժ զինուոր, վաշտի հրամանատար Մուրատով Իլքին Մամէտօղլու պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հրամանով պարգեւատրուած է «գերազանց զինուորական ծառայութեան» երրորդ աստիճանի մետալով եւ թանկարժէք նուէրով...