Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ատրպէյճան իրաւունք ունի որեւէ միջոցով իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու:


«Ղարաբաղեան տագնապը շրջանին համար մեծագոյն սպառնալիքն է: Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի պատմական տարածքն է. «Ղարաբաղ» բառը ունի ատրպէյճանական ծագում: 1990-ական թուականներու սկիզբը ատրպէյճանցիները վտարեցին ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղէն, այլ նաեւ յարակից 7 շրջաններէն, ուր հայերը երբեք չեն ապրած: Մենք մէկ միլիոն գաղթական ունինք: Պատմական տեսանկիւնէն Լեռնային Ղարաբաղը մեր հողն է, եւ նաեւ իրաւական տեսանկիւնէն միջազգային հանրութիւնը կ՛ընդունի Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս», ըսած է Ալիեւ՝ ընդգծելով, որ ատրպէյճանական կողմը մինչեւ հիմա կը հաւատայ, թէ հիմնախնդիրը պիտի լուծուի խաղաղ ճամբով:
«Տագնապը պէտք է լուծուի միջազգային իրաւական սկզբունքներու եւ արժեչափերու հիման վրայ: Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնի, հայկական ուժերը պէտք է հեռանան բոլոր բռնագրաւուած տարածքներէն, ատրպէյճանցիները պէտք է իրաւունք ունենան վերադառնալու իրենց տուները, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղ: Լեռնային Ղարաբաղին կրնայ տրուիլ ինքնավարութեան կարգավիճակ: Աշխարհի եւ Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունին ինքնավարութեան լաւ օրինակներ», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:
Անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին գոյութեան իրավիճակին՝ Ալիեւ ըսած է, որ այնտեղ իրավիճակը շատ փխրուն է, եւ փաստացի խաղաղութիւն չկայ:
«Հակառակ 1994-ին զինադադարի մասին ձեռք բերուած համաձայնագիրին, մինչեւ հիմա խաղաղութեան կարելի կրնայ հասնիլ, խաղաղութիւն չկայ: Այդ պատճառով ոչ ոք կրնայ բացառել շփման գիծի վրայ որեւէ դիպաշար: Այս տեսանկիւնէն բոլորին, ներառեալ՝ Հայաստանի համար լաւ պիտի ըլլայ, եթէ տագնապը լուծուի կարելի եղածին չափ շուտ: Իմ կարդացած վերջին յօդ- ւածիս մէջ կ՛ըսուէր, որ տագնապին պատճառով 25 հազար մարդ զոհուած է: Գոյութիւն ունին տարբեր թիւեր: Զինուորական գործողութիւններուն ժամանակ, անշուշտ, կորուստներ եղած են: Պատերազմի ընթացքին տուած ենք 12-15 հազար զոհ: Իսկ թէ ի՛նչ կորուստներ հայերը ունեցած են, իրենք աւելի լաւ գիտեն», ըսած է ան:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ «կ՛ենթադրուի, որ Փութին պիտի վերադառնայ իշխանութեան: Ըստ ձեզի, Մետվետեւի քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի՞, թէ՞ պիտի ստեղ- ծուի բոլորովին այլ իրավիճակ», Ալիեւ ըսած է. «Կը կարծեմ, որ Ատրպէյճանի համար ատիկա պիտի դառնայ պարոն Փութինի քաղաքականութեան շարունակութիւնը, որովհետեւ 2003-էն մինչեւ 2008, այսինքն՝ այն ժամանակաշրջանին, երբ պարոն Փութինը նախագահ էր, մենք բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած ենք: Ան՝ Ատրպէյճան, ես ալ Մոսկուա այցելութիւններ կը կատարէի: Ատրպէյճանի նկատմամբ Ռուսիոյ այսօրուան քաղաքականութեան հիմքը փաստացիօրէն դրուած է Վլատիմիր Փութինի կողմէ: Ան դարձաւ Ռուսիոյ առաջին նախագահը, որ 2001-ին Ատրպէյճան այցելեց: Կը պատկերացնէ՞ք՝ Ատրպէյճանի անկախութեան 10 տարիներուն ընթացքին Ռուսիոյ նախորդ նախագահը ոչ մէկ անգամ այցելեց մեր երկիրը: Իսկ նախագահ Փութին Ատրպէյճան եկաւ, եւ ատիկա բեկումնային դարձաւ Ռուսիոյ եւ Ա- տըրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ… Այդ քաղաքականութեան հիմքը դրած է Վլատիմիր Փութին, իսկ նախագահ Մետվետեւ շարունակած է զայն: Ատոր համար ալ վստահ ենք, որ այդ քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի»: