Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

PanARMENIAN.Net կայքէջը վկայակոչելով ֆրանսական Nouvelles d’Armenie պարբերաթերթը, կը յայտնէ թէ Թուրքիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համագումարին կուսակցութեան մամլոյ քարտուղարը յայտարարած է. «Մենք կը ճանչնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Կանաչներու համագումարը տեղի ունեցած է Պոլսոյ մէջ, Նոյեմբեր 7-9-ը:
Նախապէս, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական ծրագրաւորման գծով գլխաւոր տնօրէն Ալթայ Չենգիզեր կոչ ուղղած էր երկրի իշխանութիւններուն նախապատրաստուիլ այն իրողութեան հիմամբ՝ որ միջազգային հանրութիւնը աննախադէպ ճնշում պիտի գործադրէ Անգարայի հանդէպ՝ պահանջելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Ես վերադարձած եմ Ուաշինկթընէն, ուր տեսած եմ, թէ ինչպէս հայ համայնքը կը պատրաստուի նշելու 100-ամեակը: Այդ արշաւի նպատակն է վատաբանել ժամանակակից Թուրքիան, թոյլ չտալ որպէսզի ան յաղթահարէ իր անցեալը: Այդ մեղադրանքները ուղղուած են մեր ազգային ինքնութեան դէմ»,- ըսած է դիւանագէտը: Չենգիզեր նշած է, որ պաշտօնական Անգարան բնաւ մտադիր չէ վերանայելու այս հարցի վերաբերեալ իր դիրքորոշումը: