Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիա բնակող քիւրտերու «ժողովուրդներու դեմոկրատական կոնգրէս» (HDK) կազմակերպութիւնը իր կողմէ տարածուած շրջաբերականին մէջ նշած է, որ Թուրքիան պէտք է ընդունի 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան մէջ իր մեղքը:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթի տեղեկացմամբ՝ հռչակագիրին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը խաղաղութեան սպառնացող, վտանգ պարունակող արտայայտութիւններ կ’ընէ:
Կոնգրէսը իշխանութիւններէն պահանջած է հրաժարիլ Սուրիոյ մէջ վարչակազմը փոխելու նպատակ հետապնդող «Անվտանգութեան գօտի» ստեղծելու փնտռտուքներէն: