Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը աշխատանքներու սկսած է Բագրատունեաց թագաւորութեան Անի մայրաքաղաքը ՄԱԿ-ի գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկելու համար, կը հաղորդէ «Հայ Թերթ»ը::
Նախարար Էօմեր Չելիք նշած է, որ իրենք կը պատրաստուին «տիրութիւն ընելու» քաղաքին եւ աշխատանքներու սկսած են զայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ընդգրկելու համար:
2012-ին, նախարարութեան աշխատանքներուն շնորհիւ, «Հազար ու մէկ եկեղեցիներու» կամ «40 դուռերով քաղաք» նկատուող Անին ընդգրկուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ներառուելու թեկնածուներու ցուցակին մէջ: Այժմ թրքական իշխանութեան վերջնական նպատակն է մինչեւ 2016 զայն ընդգրկել տալ ցանկին մէջ, որպէսզի անիկա իր արժանի տեղը գտնէ մարդկութեան մշակութային ժառանգութիւններու շարքին:
Նախարար Չելիք կը յայտնէ, որ ինք հաստատակամ է Անատոլուի բոլոր մշակոյթներու պաշտպանութեան եւ մարդկութեան ժառանգութեան նուիրելու գործին մէջ:
Նախապատմական ժամանակներէն տարբեր մշակոյթներ ունեցող եւ Մետաքսի ճամբու՝ Կովկասի մուտքին գտնուող Անիի մէջ նախարարութեան վերահսկողութեամբ  պեղումները, վերակառուցման եւ շրջակայքի բարեկարգման աշխատանքները լայն թափով կը շարունակուին: