Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործի որոշ առանցքային դրուագներու հետաքննութիւնը կը վերսկսի: Երէկ այս յայտարարութիւնը կատարեց Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը՝ թոյլատրելով իրաւապահներուն վերադառնալ հայազգի խմբագրի սպանութեան ամէնէն առեղծուածային բաժիններու քննութեան:

Խօսքի Տինքի սպանութեան նախորդած շրջանին բարձրաստիճան 9 թուրք պաշտօնեաներու գործողութիւններու, աւելի ճիշդ՝ անոնց անգործութեան մասին է: Այդ պաշտօնեաները, ըստ Հրանդ Տինքի իրաւայաջորդներու շահերը ներկայացնող փաստաբաններուն, յստակ տեղեկութիւններու կը տիրապետէին, գիտնալով թէ պոլսահայ ծանօթ լրագրողին դէմ մահափորձ կը նախապատրաստուէր, սակայն որեւէ կանխարգելիչ քայլի դիմած չէին:
Ըստ փաստաբաններուն, յանցաւոր անգործութիւն ցուցաբերած պաշտօնեաներու թիւին են Պոլսոյ ոստիկանական վարչութեան նախկին ղեկավար Ճելալեթին Ճերահ, 2007ին Պոլսոյ փոխ նահանգապետի պաշտօնը զբաղեցուցած Էրգուն Գունգյորը, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան վարչութեան նախկին ղեկավար Ահմետ Իլեւան Գիւլերը:
Հրանդ Տինքի փաստաբանները պաշտօնապէս դիմած էին Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան՝ պնդելով որ վերը յիշատակուած պաշտօնեաները պէտք է խստօրէն պատժուին, քանի որ չեն կատարած օրէնքով իրենց վերապահուած լիազօրութիւնները եւ չեն կանխած Հրանդ Տինքի սպանութիւնը: Ծրագրուող սպանութեան մասին Պոլսոյ քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ իրաւապահ համակարգին տեղեկացուցած էին Տրապիզոնի ռազմական ոստիկանութեան աշխատակիցները, որոնց կողմէ հաւաքագրուած գաղտնի գործակալը՝ Էրհան Թունճելը՝ Տինքի սպանութիւնը նախաձեռնած եւ իրականացուցած խումբի կարեւորագոյն անդամներէն մէկն էր:
Նշենք, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ այս բողոքի հիման վրայ սկսած հետաքննութիւնը պարբերաբար կը սառեցուէր Պոլսոյ դատախազութեան կողմէ: 
Այս տարեսկիզբին, հետաքննութեան հերթական ընդհատումէն յետոյ, Տինքի ընտանիքի փաստաբանները բողոքով դիմեցին Թուրքիոյ Պաթիրքոյ շրջանի 8րդ Գերագոյն քրէական դատարան, որ Մայիսի մէջ կայացած իր վճիռով պարտաւորեցուց Դատախազութիւնը պարզել բարձրաստիճան պաշտօնեաներու գործողութիւններու ընթացքը: Բայց նոյնիսկ դատարանի վճիռէն յետոյ Դատախազութիւնը որեւէ աշխուժութիւն չի ցուցաբերեց հետաքննութիւնը վերսկսելու համար: Արդարադատութեան երէկուան որոշումով սակայն՝ դատախազութիւնը կը պարտաւորուի վերսկսկելու Հրանդ Տինքի դատական քննութիւնը: