Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Սպիտակ Տան որոշումին՝ Նոյեմբերի մէջ ցուցադրութեան դնել հայ որբերու գործած գորգը
«Թուրքիոյ հասցէագրուած պատգամ կայ այս ցուցադրութեան մէջ»

Ինչպէս մեր նախորդ թիւերուն մէջ նշած էինք, Սպիտակ տունը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի հայ որբերու գործած գորգը 18-23 Նոյեմբերին ցուցադրել նախագահական նստավայրի այցելուներու սրահին մէջ:

Լուրը մեծ արձագանգ ստացած է թրքական մամուլին մէջ: Սպիտակ տան այդ քայլը մեկնաբանուած է իբրեւ Թուրքիոյ հասցէագրուած ուղերձ:


Մասնաւորապէս թրքական «Էլազիկտանհապեր» լրատու կայքը կը նշէ, որ հայկական գորգի ցուցադրումը կարելի է դիտարկել Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Ինճիրլիք խարիսխին շուրջ բանակցութիւններու ծիրին մէջ: Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն խարիսխը օգտագործել ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հարուածելու համար: Իբրեւ այս տեսակէտի հիմնաւորում, կը նշուի, որ հայ որբերու գորգը Հայոց ցեղասպանութեան խորհրդանիշ դարձած է, եւ այդ գորգին ցուցադրումը բազմիցս խոչընդոտած է Սպիտակ տունը՝ մերժելով ատիկա հանել իր պահեստէն: Այսուհանդերձ, տեղի տալով ամերիկահայութեան եւ քոնկրեսական ճնշումներուն՝ Սպիտակ տունը հաստատած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերուն պատմական գորգը հանրութեան պիտի ցուցադրէ՝ զայն տասնամեակներով պահեստարանին մէջ պահելէ ետք։
Այս մասին «Ասպարէզ»ի հարցումին պատասխանելով՝ Սպիտակ տունը նշած է. «Նախագահն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շարունակաբար պատմական իրականութիւն համարած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն տեղի ունեցած 1.5 միլիոն հայերու սպանդը ու ցաւակցութիւն յայտնած են անոր համար՝ միաժամանակ շեշտելով, որ անոր ամբողջական, անկեղծ եւ արդար ճանաչումը բոլորին, ներառեալ՝ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ամերիկայի համար, նպաստաւոր պիտի ըլլայ»։
Նախկին յայտարարութեան մէջ, Սպիտակ տունը բաւա-րարուած էր նշելով, որ գորգը նուիրուած էր «տեղահանուած հայ որբերուն կողմէ», առ ի երախտագիտութիւն ամերիկացիներու տրամադրած օժանդակութեանց։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Սպիտակ տունը ցարդ չէ յստակացուցած, թէ ինչպէ՛ս պիտի ներկայացնէ գորգը, այսինքն՝ յստակ չէ, թէ գորգին պատմութիւնը ուղակիօրէն պիտի կապուի՞ Հայկական Ցեղասպանութեան, թէ չէ։
Այս լուրին անդրադարձած են նաեւ «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Լոս Անճելըս Թայմզ» եւ այլ ամերիկեան թերթեր։ «Լոս Անճելըս Թայմզ» կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբերի տեղակալ Պերնատեթ Միհըն այս կապակցութեամբ յայտնած է, թէ գորգը «մեզի կը յիշեցնէ այն զօրաւոր յարաբերութիւնը, որ հաստատուած էր Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ժո- ղովուրդներուն միջեւ»:
Գորգը 1925ին նուիրուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճին, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ մատուցուած աջակցութեանց համար: