Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ մէջ հրապարակուած է Ժողովուրդներու ժողովրդավար համագումարին կողմէ կազմակերպուած Ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան 2րդ համաժողովի հռչակագիրը, որուն մէջ երկրի իշխանութիւններուն որոշ պահանջներ ներկայացուած են։

Անոնց շարքին է 1915ի հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան հարցով պետութեան պատասխանատուութիւն ընդունիլը:

Հռչակագիրին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խաղաղութեան սպառնացող անձանաւորութիւն մը սկսած է դառնալ. նաեւ, կը քննադատուի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն եւ քրտական հարցի կարգաւորման ջանքերուն կապակցութեամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը։
Համաժողովը իշխանութիւններէն պահանջած է հրաժարիլ Սուրիոյ վարչակազմը փոխելու նպատակը հետապնդող «ապահովութեան գօտի» ստեղծելու փորձերէն: