Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Հոկտեմբեր 15-ին Պեռլինի Willy-Brandt-Haus-ին մէջ բացուած է «Արա Կիւլերը - Պոլսոյ աչքը» (Արա Կիւլերը - The Eye) խորագիրով ցուցահանդէսը: Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Պրանտին նուիրուած ժամանակակից շէնքի 2 յարկին մէջ միաժամանակ ցուցադրուած է աւելի քան 200 լուսանկար, որոնք նկարուած են 1950-2005 թուականներուն:

Այս մասին կը հաղորդէ PanARMENIAN.Net կայքը:

Լուսանկարներու մեծ մասը, որոնցմէ շատերը սեւ-սպիտակ են, նկարուած են Պոլսոյ ծայրամասերուն մէջ ու ցոյց կու տան ատոնց բնակիչներու առօրեայ կեանքը, իսկ յետնամասին մէջ հիմնական կ'երեւին Պոլսոյ ջրային ուղիները: Ընդհանուր առմամբ ցուցահանդէսը կը ներկայանայ իբրեւ յիշարժան ու պատմական զբօսանք քաղաքին մէջ մինչեւ ատոր վերջին արդիացումները:
Todayþs Zaman-ի փոխանցմամբ, ցուցահանդէսին մէջ կարելի է տեսնել Պոլսոյ խարխուլ ետնախորշերու մռայլ, սեւ-սպիտակ տեսարանները, մարդոց անձնական պահերուն նկարուած հանելուկային լուսանկարները, նոյնպէս ալ ահաբեկչութեան եւ Թաքսիմ հրապարակին վրայ ռազմական յեղաշրջումներու մասին ականատեսի անհողդողդ արձանագրութիւնները:
Նաեւ ներկայացուած են գունաւոր լուսանկարներ, որոնք նկարուած են Քէնիոյ, Փաքիստանի, Նեփալի, Պաղեստինի, Եգիպտոսի, Իրանի ու Հնդկաստանի մէջ:
Արա Կիւլերը աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ-լրագրող է: Յաճախ անոր կը դիմեն «Սթամպուլի աչք» կամ «Սթամպուլի լուսանկարիչ» մականուններով: Ծնած է Պոլսոյ մէջ՝ 1928-ին, հայերու ընտանիքի մէջ: 1950-ից սկսած է աշխատիլ «Yeni Istanbul» թերթին մէջ՝ զուգահեռ ուսանելով Պոլսոյ համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքին մէջ: Որոշ ժամանակ յետոյ տեղափոխուած է «Հիւրիէթ» թերթի խմբագրութիւն: Կիւլերը լուսանկարած է Ուինսթըն Չերչիլին, Մարիա Քալլասին, Ճոն Պերկերին, Պերնարտ Ռասսելին, Սալվատոր Տալիին, Փապլօ Փիքասոյին, Ինտիրա Կանտիին, Սերգէյ Փարաջանովին եւ այլ անձնաւորութիւններ: Պարգեւատրուած է ֆրանսական «Legion d' honneur», 2005թ.՝ թրքական «Grand prize of culture and art», 2009թ.՝ Նիւ Եորքի «Lucie Award» մրցանակներով:
2013-ի ամրան Արա Կիւլեր Հայաստան այցելած էր: Ազգային պատկերասրահին մէջ անոր «Բարեւ ձեզ» խորագիրով ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր, ուր ներկայացուած էր աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ նկարած մօտ 100 լուսանկար: