Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանի ընդդիմադիրները բազմամարդ հանրահաւաք մը կազմակերպեցին Պաքուի մէջ՝ պահանջելով նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաժարականը եւ կոչ ուղղելով դադրեցնել իրաւապաշտպաններու եւ քաղաքացիական ակտիվիստներու նկատմամբ հետապնդումները:
Ցուցարարները նաեւ պահանջեցին սերտացնել կապերը Ատրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ:
Երէկ Հոկտեմբեր 12-ին տեղի ունեցած հանրահաւաքը կազմակերպուած էր Ատրպէյճանի ընդդիմադիր շարք մը կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ քաղաքացիական խումբեր միաւորող Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդին կողմէ:
Թէեւ միջոցառումը խաղաղ բնոյթ կը կրէր, կազմակերպիչները բարձրաձայնած են իշխանութիւններու կողմէ ընդդիմութեան վարկաբեկելու նպատակով կազմակերպուած սադրանքներու հարցը: Մասնաւորապէս, «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան հաղորդման համաձայն, մի քանի անձեր փորձած են հանրահաւաքի ժամանակ Իսլամական պետութիւն խմբաւորման դրօշակը պարզել, սակայն կազմակերպիչները դիմած են ոստիկանութեան, խնդրելով որ այդ անձերը հեռացնէ հանրահաւաքի վայրէն: