Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Հոկտեմբերի 7-ի գիշերը Թուրքիոյ տարբեր նահանգներու մէջ սկսած են անկարգութիւններ: Ցուցարարները փողոց ելած են բողոքելու Սուրիոյ քրտաբնակ Քոպանի քաղաքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն դէմ: Անկարգութիւններու հետեւանքով երկրի մէջ մահացած է 15 մարդ: 

Թուրքիոյ 2 նահանգի եւ 9 գաւառի մէջ յայտարարուած է պարէտային ժամ:

Քիւրտերը կը դատապարտեն Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝ անգործութեան եւ ճիհատիստներու հետ համագործակցութեան համար: Վանի մէջ հրկիզուած ու տապալած է Քեմալ Աթաթուրքի կիսանդրին: Վանի եւ Տիյարպեքիրի մէջ արգիլուած է շրջագայութիւնը:
Թուրքիոյ հոծ քիւրտ բնակչութիւն ունեցող Շըրնաք նահանգի Սիլոփի գաւառի մէջ բռնկած անկարգութիւններու ժամանակ ցուցարարները այրած են Թուրքիոյ դրօշը:
Աղբիւրի համաձայն անկարգութեան մասնակիցները նաեւ ոտքերով հարուածած են Աթաթուրքի կիսանդրին: Ցուցարարները փորձած են փակել Սիլոփի տանող ճանապարհները: Ցրուելու վերաբերեալ ոստիկանութեան կոչերուն ցուցարաները պատասխանած են Մոլոթոֆ քոքթէյլ ռումբերով եւ քարեր նետելով. անկէ ետք իրաւապահ մարմինները սկսած են կազ արձակող պայթուցիկներ եւ ջրցան մեքենաներ օգտագործել: Թրքական լրատուամիջոցը կը նշէ, որ անկարգութիւններու կազմակերպիչներն ու մասնակիցները ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներ են: