Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Յունաստանի խորհրդարանէն ներս 9 Սեպտեմբերին քուէարկուած հակացեղապաշտական օրէնքին դէմ կը բողոքեն թուրքերը, որոնք Իզմիրի մէջ ցոյց մը կազմակերպեցին՝ իրենց բուռն հակառակութիւնը յայտնելու համար Հայոց եւ Պոնտոսցի յոյներու ցեղասպանութեանց մերժումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ:

Ցոյցը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան կողմէ: Ցուցարարները կը կրէին պաստառ մը ուր գրուած էր ...«Մենք ցեղասպանութիւն չգործեցինք, մենք պարզապէս մեր հայրենիքը պաշտպանեցինք»...: 

Ինչպէս կը յայտնէ յունական «Իմէրիսիա» թերթը, շարժումի նախագահը՝ «Ճիհան» լրատու գործակալութեան խօսելով, ըսած է որ «2015ին Մարդկային Իրաւանց դատարանին մօտ դատապարտական որոշում պիտի յաջողցնենք, ապա Յունաստան պիտի գանք, ուր պիտի յայտարարենք թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը սուտ մըն է»...: