Մարդու իրաւուքներու եւրոպական դատարանը Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ սպաննուած Կարէն Պետրոսեանի ընտանիքի դիմումին ընթացք կուտայ՝ Ատրպէյճանի կառավարութենէն բացատրութիւն պահանջելով։
Ինչպէս «Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ՝ Պետրոսեանի ընտանիքի ներկայացուցիչներու պահանջին ի պատասխան՝ Սեպտեմբեր 12-ին ՄԻԵԴ-ը խնդրեց Ատրպէյճանի կառավարութենէն բացատրութիւններ ներկայացնել «Կարէն Պետրոսեանի մարմնի վերադարձման հարցի առընչութեամբ Ատրպէյճանի պաշտօնական դիրքորոշման եւ դին ընտանիքին վերադրձնելու ձգձըգումներու պատճառներու մասին», մինչեւ սոյն թուականի Սեպտեմբեր 26ը։
2014 թուականի Սեպտեմբեր 10-ին Ատրպէյճանի մէջ գերութեան ընթացքին սպաննուած Կարէն Պետրոսեանի ընտանիքը ներկայացնող աշխատանքային խումբը դիմեց Մարդու իրաւուքնրեու Եւրոպական Դատարան՝ դատարանի կանոնագրքի 39-րդ կանոնի հիմքով խնդրելով ՄԻԵԴ միջամտութիւնը Պետրոսեանի դին անյապաղ եւ անվնաս վիճակով ընտանիքին վերադարձնելու նպատակով։
Հակառակ ԱՄՆ, Ֆրանսայի, Ռուսասանի եւ Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէի կոչերուն եւ յորդորներուն, Ատրպէյճանը դեռ չէ վերադարձուցած Պետրոսեանի դին իր հարազատներուն։