Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ նորընտիր վարչապետը պիտի այցելէ նաեւ Աթէնք, Նոյեմբերի սկիզբին

Ահմետ Տաւութօղլուի որպէս Թուրքիոյ վարչապետ առաջին այցելութիւնը կը տրուի այսօր, գրաւեալ Կիպրոս, ապա երեք օր ետք՝ Ատրպէյճան, 19-20 Սեպտեմբերին Պաքու ծրագրուած պաշտօնական այցելութեամբ:

Roketsan հրթիռները

Յունական որոշ թերթեր արձագանգ կը հանդիսանան թուրք-ազերի յարաբերութիւններուն, խստօրէն քննադատելով յունական պետութեան կեցուածքը, որ բնական կազի օգտագործման TAP խողովակաշարի ծրագրի իրականացման մէջ, Աթէնքը կը դատապարտէ Անգարայի կախուածութեան ենթակայ դառնալու: Այս ծիրէն ներս կը շեշտուի Պաքու-Անգարա նոր ստորագրուած պաշտպանական-արդիւնաբերական համագործակցութիւնը, ըստ որու թրքական Roketsan հրթիռային զէնքեր պիտի տրամադրուին Ատրպէյճանի:

Նոր եւ դժուար փուլի մէջ կարծես կը մտնեն թուրք-յունական յարաբերութիւնները, ինչպէս ցոյց տուաւ վերջին ժամանակաշրջանը՝ հելլէն խորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումին դէմ որդեգրուած որոշումով ու նաեւ Կիպրոսի հարցին մէջ փակուղի առաջնորդող կրաւորականութեամբ: Թայիփ Էրտողանի նախագահութեամբ եւ Ահմետ Տաւութօղլուի վարչապետութեամբ՝ կարծրացած դիրքորոշումներու նոր ժամանակաշրջան մը կը նշանաւորուի:
Չմոռնանք Նիուփորթի մէջ Սամարաս-Էրտողան հանդիպման ընթացքին շօշափուած հարցերու հրատապութիւնը, ուր բացի թրքական կողմի բացայայտ դիրքորոշումէն թէ՝ Յունաստան պէտք չէ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրինագիծ որդեգրէ, պահանջք դրուեցաւ նաեւ Թրակիոյ շրջանէն ներս մահմետական կրօնաւոր առաջնորդներու (մուֆթիներու) ընտրութեան՝ «փոքրամասնութեան կրօնական իրաւունքները պաշտպանելու» պարտականութեան ծիրէն ներս:
Այս հարցերու լոյսին տակ, Աթէնքի մէջ մտահոգութիւն կը տիրէ յոյն-թրքական կնճռոտ յարաբերութիւններուն գծով: Այս ծիրէն ներս, որ Նոյեմբերի սկիզբին Աթէնք պիտի ժամանէ Ահմետ Տաւութօղլուի գլխաւորած բարձրամակարդակ եւ բազմանդամ պատուիրակութիւնը, Յունաստան-Թուրքիա Բարձրագոյն Խորհուրդի 3րդ հանդիպման ծիրէն ներս: