Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Յունաստանի խորհրդարանին Կողմէ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող  բանաձեւի  ընդունման գծով՝ Թուրքիա Արձագանգած է

Թրքական կողմը կը փորձէ հակադարձել, ըսելով թէ ուշի ուշով պիտի հետեւին հակացեղապաշտական օրէնքի կիրառման, որպէսզի հետագային օրէնքի ծիրէն ներս պատիժ սահմանուի Արեւմտեան Թրակիոյ թուրք փոքրամասնութեան քաղաքացիներու նկատմամբ հնչող խտրական եւ ցեղապաշտական գործողութիւններու եւ խօսքերու կապակցութեամբ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուշի ուշով հետեւած է Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի նախապատրաստման եւ անոր ընդունման գործընթացին՝ մշտապէս կոչ ընելով յունական իշխանութիւններուն ցուցաբերել անհրաժեշտ զգայունութիւն հարցին նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Armen-press.am-ը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ տեղ գտած Թուրքիոյ ԱԳՆ խօսնակ Թանժու Պիլկիչի յայտարարութիւնը:
Վերջինս ընդգծած է, որ թրքական կողմը յատկապէս ուշադրութիւն դարձուցած է Յունաստանի խորհրդարանի Սեպտեմբեր 5-ի նիստին ժամանակ եղած այն յայտարարութեան, որ օրինագիծը պիտի չըլլայ արտաքին քաղաքականութիւն ձեւաւորող տարր եւ պիտի չթիրախաւորէ ոչ մէկ երկիր՝ ներառեալ Թուրքիան:
ԱԳՆ խօսնակը աւելցուցած է, որ իրենք ուշի ուշով պիտի հետեւին օրէնքի կիրառման, որ, թրքական կողմին համոզումով «դէմ է ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն եւ ժողովրդավարութեան սկիզբ համարուող խօսքի ազատութեան»:
Այդուհանդերձ, Պիլկիչը նշած է, որ իրենք մեծ ակնկալիքներ պիտի ունենան, որպէսզի հետագային արդէն այդ օրէնքին ծիրէն ներս պատիժ սահմանուի Արեւմտեան Թրակիոյ թուրք փոքրամասնութեան, ինչպէս նաեւ Ռոտոսի եւ Իսթանքէոյի մէջ իրենց քաղաքացիներու նկատմամբ հնչող խտրական եւ ցեղապաշտական գործողութիւններու եւ խօսքերու համար: