Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովի ընթացքին առանձին տեսակցութիւններ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Օպամայի հետ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Էրտողան նախ Միացեալ Նահանգները զգուշացուցած է Կազայի մէջ Իսրայէլի գործած սպանդներուն առնչութեամբ: Էրտողան նաեւ դիտել տուած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործածուելու նպատակով զէնք պիտի մատակարարէ Պաղտատի կեդրոնական իշխանութեան, ատիկա ճամբայ պիտի բանայ կրօնական եւ յարանուանական շատ ծանր բախումներու:
Էրտողան նախ Օպամայի, ապա Մերքելի ուշադրութեան յանձնած է նաեւ Ուքրանիոյ խնդիրը:
Մերքելի հետ հանդիպումին ընթացքին Էրտողան ամէնէն առաջ գանգատած է գերմանական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ Թուրքիոյ վրայ կատարուած գաղտնալսումներէն:
Իսկ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ իր ունեցած մասնակի տեսակցութեան ընթացքին Էրտողան Հոլլանտը անգամ մը եւս զգուշացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցով նախատեսուած օրինագիծերուն որդեգրումէն: Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները նոր հանդիպում պիտի ունենան, եւ այդ առիթով պահանջած, որ Ատրպէյճանի համար կատարուած խոստումները յարգուին: «ՆԱԹՕ շատ կը զօրանայ, եթէ Ատրպէյճանի հետ գործակցութիւն հաստատէ», ըսած է Էրտողան: