Գրաւեալ Կիպրոսէն ետք՝ Էրտողանի երկրորդ այցելութիւնը
Պաքուի մէջ ընթացքի մէջ է Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողանի այցելութիւնը:
«Իմ այս այցի ընթացքին ես պարոն Ալիեւի հետ պիտի քննարկեմ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը, մասնաւորաբար՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման ուղղուած հիմնարար լուծումներու հնարաւորութիւնը», յայտնած էր Էրտողան, Ատրպէյճան մեկնելէ մէկ օր առաջ, Անգարայի «Էսենբողա» օդանաւակայանէն ներս կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:
«Թուրքիայի նպատակը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարօրութեան հաստատումն է», - աւելցուցած է Էրտողանը:
Թուրքիոյ նախագահի խօսքերով՝ Պաքուի մէջ քննարկումները կը կեդրոնանան երկկողմ տնտեսական՝ նախեւառաջ ուժանիւթային ծրագրերու վերաբերող հարցերուն վրայ:
Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ առանձին կէտով ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանը շրջանցող Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի շինարարութիւնը իր աւարտին հասցնելու հարցը:
Էրտողանի պատուիրակութեան մէջ ընդգրկուած են կառավարութեան անդամներ՝ որոնց կարգին արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզը:
Նշենք սակայն, թէ Էրտողանի այս այցելութիւնը կը կատարուի թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ նկատւող «պաղ» ժամանակաշրջանի մը ընթացքին: Պաքուի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ խնդիրներ ի յայտ եկած են,այն պահէն երբ Թուրքիան պաշտօնական նամակով դիմած է հայկական կողմին՝ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան հրաւիրելով Հայաստանը: Իսկ երբ յայտնի դարձաւ, որ պաշտօնական Երեւանը ոչ միայն չի մերժեց թրքական կողմի հրաւէրը, այլեւ արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն ուղարկեց՝ Պաքուի դիրքորոշումը աւելի շեշտուեցաւ:
Թուրքիա Եւ Ատրպէյճան
Միասնաբար Պիտի Ուրանան Ցեղասպանութիւնը
Իլհամ Ալիեւ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3ին ընդունած է Էրտողանի այցելութիւնը եւ անոր հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, թէ Թուրքիա որքա՛ն ուժեղ ըլլայ, այնքան ալ Ատրպէյճան ինքզինք ուժեղ պիտի զգայ։ Ալիեւ նաեւ ուրախութիւն յայտնած է, որ Էրտողան եկած է իրեն «հարազատ Ատրպէյճան»ը։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Ատրպէյճանի դիրքորոշման սատարելուն համար, եւ իր կարգին Թուրքիոյ խոստացած է սատարել Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ ուրացման ջանքերուն։
Ալիեւ նաեւ յոյս յայտնած է, որ թուրք-ատրպէյճանական անդրանատոլա- կան կազատարի նախագիծը որոշուած ժամանակամիջոցին կ՛իրագործուի։
Թուրքիոյ նախագահը իր կարգին յայտարարած է, որ Ալիեւի հետ հանդիպման «օրակարգի հիմնական հարցը կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի խընդիրը»։ Ան նշած է, որ Ալիեւի հետ «այդ ուղղութեամբ հետագայ քայլերը քըննարկած է»։
Երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ակնարկելով՝ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիա մտադիր է Ատրպէյճանի հետ տարեկան առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը հասցնել 15 միլիառ տոլարի։ «Մենք երկու պետութիւն, մէկ ազգ ենք, ասիկա Հայտար Ալիեւի ժառանգութիւնն է», նշած է Էրտողան։
Նաեւ, ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պիտի ներառուի ՆԱԹՕի վեհաժողովի օրակարգին վրայ։
Ըստ Էրտողանի՝ վեհաժողովին ընթացքին Թուրքիան մտադիր է յիշեցնել դաշինքին կողմէ Ատրպէյճանին տրուած խոստումներուն կատարման կարեւորութիւնը։ «Ատիկա Ատրպէյճանի իրաւունքն է. երկրին տրուած խոստումնե- րը պէտք է կատարուին։ Թուրքիա պատրաստ է այդ հարցին մէջ վճռականութիւն ցուցաբերելու», ըսած է Էրտողան։ Ըստ անոր՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը առաջնահերթութիւն է Թուրքիոյ համար, եւ՝ երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու մակարդակի ցուցանիշ։ «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին միայն ղարաբաղեան տագնապի լուծումէն ետք», ըսած է Էրտողան։
Յայտնենք, թէ ՆԱԹՕի վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 4-5ին, Կալեսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մէջ։