Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 28 Օգոստոսին Անգարայի մէջ ներկայ գտնուած է Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան:
Արարողութենէն ետք պատուիրակութիւններու ղեկավարներու ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին Նալբանդեան կարճատեւ զրոյց ունեցած է նախագահ Էրտողանի հետ, որուն յանձնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնական հրաւէրը՝ 24 Ապրիլ 2015-ին ներկայ գտնուելու Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան:

Թայիփ Էրտողանի երդման արարողութեան Յունաստանէն ներկայ եղաւ Էվանկելոս Վենիզէլոս, որ ըստ կիպրական «Ֆիլէլէֆթէրոս» օրաթերթին, նամակ մը յանձնեց Էրտողանին, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի կողմէ: Կիպրոսի նախագահի նամակին մէջ գրուած է թէ Թուրքիա պէտք է համագործակցի՝ Կիպրոսի հարցի լուծման հարցին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու նպատակով:
Այսուհանդերձ, ոչ Նիկոսիոյ ոչ ալ Աթէնքի մէջ  որեւէ գրաւոր պատասխան կ'ակնկալեն, կապուած՝ տուեալ նամակի բովանդակութեան:
Ըստ յունական մամուլին, Էրտողան իր պատասխանը արդէն տուած է, որպէս պաշտօնական առաջին այցելութեան երկիր ընտրելով Կիպրոսի գրաւուած թրքական բաժինը, ուր պիտի ժամանէ այսօր:
Նշենք, որ ընդունելութեան մասնակցեցան Ասիայէն, Ափրիկէէն, Միջին Արեւելքէն եւ Եւրոպայէն շուրջ 90 երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էր Քաթարի իշխանը, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, ինչպէս նաեւ Իրանի  արտաքին գործոց նախարարը: Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ եւ Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ իրենց երկիրներուն մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով մետասաներորդ պահուն ջնջեցին Անգարա իրենց այցելութիւնը: Միացեալ Նահանգները ներկայացուց Անգարայի մէջ Ամերիկեան դեսպանատան գործավարը: Ուաշինկթըն հերքեց, թէ ատիկա Անգարայի պատգամ մը փոխանցելու համար էր, այլ որովհետեւ երկրին նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը բազմազբաղ են, իսկ Անգարայի մէջ դեսպանի թեկնածութիւնը չէ հաստատուած: Ներկայ էր նաեւ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Աթեշեան արքեպիսկոպոսը:

Էրտողան իր խօսքին մէջ յայտարարեց. «Հին Թուրքիոյ ժամանակաշրջանը աւարտած է: Մենք այժմ կը գտնուինք ժամանակաշրջանին մէջ Նոր Թուրքիոյ, Մեծն Թուրքիոյ, որ իր մէջ կը պարունակէ հանրապետութեան խորքն ու ոգին»:
Թուրքիոյ 12-րդ նախագահը ըսաւ, որ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը պիտի շարունակուի: «Մեր արտաքին քաղաքականութեան  գլխաւոր առանցքը խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնն ու բարօրութիւնն է: Թուրքիա որեւէ երկրի հողերուն կամ ներքին հարցերուն վրայ աչք չունի: Մենք այդպիսի որեւէ նպատակներ կամ ծրագիրներ չունինք», ըսաւ ան: Էրտողան իր խօսքին վերջաւորութեան խոստացաւ շարունակել Կիւլի ուղիէն ընթանալ:
Նախքան Չանքայա ուղղուիլը, Էրտողան այցելեց Անըթքապիր՝ Աթաթուրքի դամբարա- նը, ուր պաշտօնական այցելուներու տետրակին մէջ կատարեց գրութիւն եւ զայն կարդաց: Գրութեան մէջ ան նշեց. «Քու մահէդ ետք նախագահութեան եւ ժողովուրդին միջեւ կապը տկարացաւ: Կը հաւատամ, որ այսօր սկսած նստաշրջանս ժողովուրդին համար միջոց մըն է իրենց նախագահին փարելու եւ պետութեան համար՝ իր ժողովուրդին փարելու: (…) Թուրքիան այսօր դարձեալ իր խորքին ու ոգիին համահունչ եղաւ: Ազգային գերիշխանութիւնը աւելի քան երբեք ամրապնդուած է»:


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ յայտարարութիւնը

Օգոստոսի 28-ին արտգործնախարար Էդվարդ Նալբանդեանը Անգարայում ներկա գտնուեց Թուրքիայի նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի պաշտօնի ստանձնման արարողութեանը։
Չանկայայի նախագահական պալատում  կայացած Թուրքիայի նախկին նախագահ Ապտալլա Կիւլից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին իշխանութեան փոխանցման արարողութեանը մասնակցում էին մի քանի տասնեակ երկրների բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։
Արարողութիւնից յետոյ պատուիրակութիւնների ղեկավարների պատուին տրուած ընդունելութեանը նախարար Նալբանդեանը կարճատեւ  զրոյց ունեցաւ  նախագահ Էրտողանի հետ, որին յանձնեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնական հրաւէրը՝ 2015 թ. Ապրիլի 24-ին ներկայ գտնուելու Երեւանում Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակի ոգեկոչման արարողութեանը։