«Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ Վանի Բաշկալէ գաւառին մէջ գտնուող պատմական Սուրբ Բարդողիմէոս հայկական եկեղեցին կը շարունակէ մնալ կիսաւէր վիճակի մէջ:
Ալբայրաք գիւղի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ տարածքէն 2013 թուականին զինուորական զօրամասերու դուրս բերումէն ետք, Ս. Բարդողիմէոս կը սպասէ վերականգնման աշխատանքներու:
Աւելցնենք, թէ 2011 թուականէն թրքական խորհրդարանի զբօսաշրջային հարցերով զբաղող յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած էր վերականգնելու՝ 13-14րդ դարերուն թուագրուող եկեղեցին: Այսուհանդերձ, այդ որոշումը դեռ չէ իրագործուած:
Նշենք, թէ Ս. Բարդողիմէոս հայկական եկեղեցին կառուցուած է 4րդ դարուն մահացած Սուրբ Բարդողիմէոսի գերեզմանին վրայ: Այն մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն, Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ, օգտագործուած էր հայերուն կողմէ: Եկեղեցւոյ մասին առաջին յիշատակումը արձանագրուած է 1338 թուականին գրուած փաստաթուղթի մը մէջ:
Թուրքիոյ փոխ վարչապետի յայտարարութիւնը
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երես- փոխան Էօզճան Ենիչերիի գրաւոր հարցումին ի պատասխան, Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Էմրուլլահ Իշլեր յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունի ոչ իսլամական 166 համայնքային հիմնադրամ, որոնցմէ 74-ը յունական են, 52-ը՝ հայկական, իսկ 18-ը՝ հրէական:
Ըստ փոխվարչապետին, յունական հիմնադրամներուն կը պատկանի 115 եկեղեցի, հայկականին՝ 52, իսկ հրէականին՝ 47 տաճար: Ան նշած է նաեւ, որ 17 այլ համայնքներու կը պատկանի 42 եկեղեցի: