ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն պատասխանած է Ամերիկայի Հայ Դատի
յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանի կողմէ Օգոստոս 15ին իրեն ուղղուած նամակին։
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի այն յայտարարութենէն ետք, թէ՝ «մինչեւ 1915, Թուրքիոյ տարածքին վրայ գործած քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը կը շարունակէ գործել իբրեւ եկեղեցի», Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան յղած էր նամակ մը, որուն մէջ ամբողջական եւ պաշտօնական հաստատում պահանջած էր այն մասին, որ ներկայ Թուրքիոյ տարածքին գործած քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը ոչնչացուած եւ պղծուած է Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան կառավարութիւններուն կողմէ, եւ որ պահպանուած եկեղեցիները պէտք է վերադարձուին օրինական տէրերուն՝ հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն ու այլ փոքրամասնութեանց. Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը պահանջած էր նաեւ դեսպան Ռիքարտոնէի կողմէ ներումի հայց։ Հ. Քլինթըն իր պատասխան նամակին մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսէ, որ թուրք ղեկավարներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին, «մենք շարունակ ընդգծած ենք այն կարեւորութիւնը, զոր մենք կու տանք Թուրքիոյ մէջ դաւանանքի ազատութեան։ Ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններու հետ ամենաբարձր մակարդակներով հանդիպումներու ժամանակ, մենք կը շարունակենք բարձրացնել մեր մտահոգութիւնը՝ նախապէս բռնագրաւուած գոյքը կրօնական համայնքներուն վերադարձնելու առնչութեամբ։ Այդ առնչութեամբ, մենք ուշադիր պիտի հետեւինք իրականացմանը Թուրքիոյ կառավարութեան Օգոստոս 27ի այն որոշումին, որ կը նախատեսէ ո՛չ իսլամական համայնքներու 162 հիմնադրամներուն վերադարձնել բռնագրաւուած անշարժ գոյքը»։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Քլինթընի ուղղուած պատասխան նամակին մէջ ողջունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հրապարակային առաջին յայտարարութիւնը, թէ՝ կառավարութիւնը կրօնական համայնքներու գոյքերը վերադարձնելու համար աշխոյժ կերպով ճնշում կը գործադրէ։