Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Նախագահական քարոզարշաւի ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետի հռետորաբանութիւնը լուրջ դժգոհութիւններ առաջացուցած է  իր երկրէն ներս եւ դուրս

Թուրքիայի վարչապետ, նախագահի թեկնածու Ռեճեփ Էրտողանը նախագահական ընտրութիւններէն օրեր առաջ լուրջ քըննադատութեան կÿարժանանայ՝

հայերու հասցէին վիրաւորական  արտայայտութեան համար, որ ունեցաւ հրապարակային իր ելոյթին մէջ:
Էրտողանը մեղադրած էր իր ընդդիմախօսները իր դէմ կեղտոտ քարոզարշաւ  իրականացնելու համար եւ ըսած էր թէ՝ «Իմ մասին ինչեր կ'ըսեն: Ըսած են, որ վրացի եմ: Աւելի գէշ, կը ներէք արտայայտութեանս համար, ըսած են նաեւ որ հայ եմ»...:
Թրքական մամուլին մէջ տեղ գտած է վարչապետի այս արտայայտութիւնը:  «Զաման»-ը կը գրէ որ  վարչապետի ակնյայտ ցեղապաշ- տական  խօսքերը  վիրաւորանք են երկրին մէջ  ապրող փոքրամասնութիւններու  հասցէին, «փորձելով պաշտպանել իրեն՝ Էրտողանը շատ աւելի դժուար  կացութեան մէջ  յայտնուեցաւ», - կ'ընդգծէ   «Հիւրիյէթ»-ը, մինչդեռ ձախակողմեան «Պիրգիւն»-ը, շատ աւելին կ'երթայ գրելով թէ՝ «Քըլըչտարօղլուն ալեւի է, Տեմիրթաշը՝ զազա, Իհսանօղլուն եգիպտացի  է, իսկ դուն՝ գող»:
Հարցը այն է, որ քարոզարշաւի  ընթացքին Էրտողանը առաջին անգամ  չէ որ կÿօգտագործէ ազգային կամ կրօնական պատկանելիութիւնը՝ ընդդիմախօսները  քննադատելու կամ վիրաւորելու համար:
Էրտողանի նախընտրական  հռետորաբանութենէն  դժգոհ են նաեւ ուրիշներ:  ԱՄՆ գոնկրեսականներ կը զգուշացնեն թէ այսպիսի խօս-քերով վտանգի տակ կը դրուին ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւնները,  եւ թէ  շատ դժուար կը դառնայ պաշտպանել Թուրքիոյ շահերը Ուաշինկթընի մէջ: