Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը, մասնաւորապէս՝ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ եւ Թուրքիոյ սպայակոյտի պետ Նեճեթ Օզել, ցաւակցութիւն յայտնած են Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովին, վերջին օրերուն սպաննուած ատրպէյճանցի զինուորներուն առնչութեամբ, կը յայտնէ «Ռազմ.ինֆօ» կայքէջը:

Թուրքիոյ բարձրաստիճան զինուորականները կարեկցանք ու միաժամանակ աջակցութիւն յայտնած են Ատըրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան:
Նշենք, որ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, ցաւակցութիւն յայտնելու նպատակով։