Անցնող երկու օրերուն ընթացքին, ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանագծին վրայ յարձակումներուն կապակցութեամբ, ատրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներ, կեղծ լրատուութիւն տարածած են, իբրեւ թէ ատրպէյճանական ուժերը Մարտակերտի ուղղութեամբ ոչնչացուցած են 40 հայ զինուորներ:
ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտարարէ թէ վերոնշեալ հաղորդումները ապատեղեկատուութեան արդիւնք են եւ հակառակորդի պետական քարոզչամեքենան անգամ մը եւս գործի լծուած է:
Պաշտօնական լրատուամիջոցներէն զատ լայն ապատեղեկատուութիւն կը կատարուի նաեւ համացանցի միջոցաւ, օտար հանրային կարծիքը ճշմարտութենէն շեղելու եւ ներքին՝ Ատրպէյճանի ընկերութիւնը սուտերով հանդարտեցնելու զոյգ ուղղութիւններով: