Մուրատ Պելկէի «Հայերը գրականութեան մէջ» յօդուածներու հաւաքածոն (2013), կը բանայ հետազօտութեան նոր դուռ մը, ուր պատմական դէպքերը իրենց ուղղակի եւ անուղղակի հետքերը ձգած են, պատումին ենթահողը դարձած են, անտեսուած մնացած կալուած մը հայ եւ օտար հետազօտողներու մօտ։ Բաց մը, զոր Մուրատ Պելկէ կը փորձէ լրացնել «Հայերը գրականութեան մէջ»ով։ Գործ մը, որ մօտէն պիտի հետաքրքրէ գրական, մշակութային, համալսարանական, Հայ դատի եւ քաղաքական շրջանակները։