Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան Յունիս 24-ին, իր կուսակցութեան խմբակի նիստի ընթացքին ըսած է, որ փոքրամասնական վագըֆներու (հիմնադրամներու) վերադարձուած կալուածներուն արժէքը 2 միլիառ տոլարը անցաւ: Էրտողան թէեւ այս թիւը տուած է, բայց կը հաղորդուի որ ո՛չ վագըֆներու ընդհանուր

տնօրէնութիւնը, ոչ ալ փոքրամասնական վագըֆ- ները այսպիսի գումարի մը մասին տեղեկութիւն ունին:
Թուրքիոյ վարչապետին յիշեալ յայտարարութեան առընչութեամբ կարծիք յայտնած է փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, որ ըսած է, որ վերադարձուած կալուածներու արժէքին մասին կարելի չէ թիւերով խօսիլ, որովհետեւ այս մասին տուեալներ  գոյութիւն չունին: «Ճիշդ է որ բաւական կարեւոր կալուածներ վերադարձուեցան, բայց ասոնք անխնամ վիճակի մէջ են, արժեւորման կը կարօտին։ Վարչապետը թերեւս այսպիսի կալուածներուն հաւանական արժեւորման վրայէն հաշուած է վերադարձուած կալուածներուն արժէքը։ Ամէն պարագայի, ո՛չ մէկը գիտէ թէ վարչապետը ի՞նչի հի- ման վրայ արտասանեց երկու միլիառ տոլարի խօսքը» ըսած է ան:
«Փոքրամասնութիւնները մինչեւ այսօր 1500 կալուածներու համար դիմում  կատարեցին, ասոնցմէ միայն 20-25 տոկոսը վերադարձուեցաւ։ Գործընթացին մէկ մասը արդէն լրացած է, բայց մնացեալներն ալ ժամ առաջ  պէտք է վերադարձուին, որովհետեւ փոքրամասնական այս հիմնարկները միայն իրենց կալուածներուն շնորհիւ է որ կրնան գոյատեւել ու պահել իրենց մշակոյթները, թերթերը, դպրոցները, հիւանդանոցները», աւելցուցած է Վինկաս, որ եզրափակած է. «այս կերպով է որ արդարութիւն պիտի կատարուի հարիւր տարիէ ի վեր անարդարութեան ենթարկուած այս ժողովուրդներուն  ու անոնք պիտի կարենան ապրիլ աւելի բարօր կեանք»։