Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուի «Պելկէ» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ. վերապրողներու վկայութիւններ» արխիւային փաստաթուղթերու եռահատոր հաւաքածոյի առաջին հատորին թրքերէն

տարբերակը, որուն առիթով  մամլոյ ասուլիս մը տրուեցաւ Երեւանի մէջ: Ասուլիսին մասնակցեցաւ հրատարակիչը Ռակըպ Զարաքօլու, որ յայտնեց, թէ իրեն համար յատկապէս արժէքաւոր է գիրքին թրքերէն տարբերակին հրատարակութիւնը, քանի որ անիկա «Վան» հասարակական կազմակերպութեան օգնութեան  շը- նորհիւ իրականացած աշխատանքի մը արդիւնքն է: Զարաքօլու ա- ւելցուց, թէ Թուրքիոյ մէջ տպագրուած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գերմաներէնով փաստաթուղթեր, Վերժինէ Սվազլեանի հաւաքած վկայութիւնները եւ այլ փաստաթուղթեր:
«Հայոց ցեղասպանութիւնը օսմանեան Թուրքիոյ մէջ. վերապրողներու վկայութիւններ» եռահատոր ժողովածուն հայերէնով հրատարակուած էր 2012-ին: Հոն հոն Վան, Պիթլիս (Բաղէշ), Էրզրում (Կարին), Խարբերդ, Տիգրանակերտ, ՍԵբաստիա եւ Տրապիզոն նահանգներու եւ Պարսկահայքի շրջանին մէջ ցեղասպանութենէն վերապրածներու 602 վկայութիւններ: 2013-ին եռահատորէն անջատուած էին 145 վկայութիւններ, որոնք թարգմանուած ու հրատարակուած էին անգլերէն լեզուով: Մօտիկ ապագային կը նախատեսուի նաեւ հրատարակել գիրքին՝ ռուսերէն, սպաներէն ու ֆրանսերէն թարգմանութիւնները:
Զարաքօլու մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ողջունեց նախագահ Ս. Սարգսեանի յայտարարութիւնը՝ 100-ամեակի ոգեկոչման օրը Թուրքիոյ ապագայ նախագահը Հայաստան հրաւիրելու մասին:
«1965-էն ի վեր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը կատարուին: Ցեղասպանութիւնը ի հարկէ Թուրքիոյ ամօթն է: Սպանեալները նաեւ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներն էին եւ իրաւունքներ ունէին: Ասիկա նաեւ իրաւական հարց է», ըսաւ Զարաքօլու:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի 23 Ապրիլի ուղերձին, որով Էրտողան կը փորձէր հաւասարացնել կողմերու կորուստները, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի այն յայտարարութեան, թէ պէտք է պատմութեան հանդէպ «արդար յիշողութիւն» ձեւաւորել: «Ցեղասպանութիւնը բը- նակչութեան բնաջնջումը չէ, այլ նաեւ ապագայ սերունդներու, մշակոյթի, արուեստի վերացումն է», շեշտեց Զարաքօլու: