Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Կարսի բերդ այցելած հայ զբօսաշրջիկները պարզած են Եռագոյնը եւ երգած են Հայաստանի քայլերգը: Թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքին համաձայն՝ հայ զբօսաշըրջիկներուն առած այս քայլը իրարանցում յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ:

Թրքական, այսպէս կոչուած՝ «Հայերու անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» (ASIMDER) կառոյցի ղեկավար Քէօքսալ Քիւլպէյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է հետեւելու Թուրքիա այցելող հայերուն քայլերուն եւ սահմանափակելու զանոնք: Կարգ մը քաղաքացիներ ալ դժգոհած են, որ հայերը Թուրքիոյ մէջ բարձրացուցած են իրենց Եռագոյնը եւ երգած Հայաստանի քայլերգը:

Թուրք ազգայնականը յայտնած է, որ հայերը արեւելեան Անատոլուն կը կոչեն Արեւմտեան Հայաստան՝ դիտել տալով, որ այս մասին նշուած է նաեւ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրին մէջ: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիա այցելող հայերը «սադրիչ գործողութիւններ կը կատարեն» եւ մեղադրած է Հայաստանի իշխանութիւններն ու սփիւռքի նախարարութիւնը՝ նմանօրինակ գործողութիւններուն իբր թէ աջակցելու համար:
«Հայերը Կարսի բերդին մէջ պարզած են Հայաստանի դրօշը եւ երգած քայլերգը: Նոյնը կատարած են նաեւ Վանի Աղթամար կղզիին վրայ: Ինչո՞վ զբաղած են անվտանգութեան ուժերը», հարց տուած է ան...