Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր պատուական տոքթորի կոչում ստացաւ Պողազիչի համալսարանին կողմէ: Տիտղոսի տուչութեան հանդիսութիւնը կայացաւ համալսարանի Ալպէրթ Լոնկ հանդիսասրահին մէջ, ուր տեսուչ փրոֆ. Կիւլայ Պարպարոսօղլու Արա Կիւլէրի յանձնեց տոքթորի վերարկուն ու տիտղոսով վաւերագիրը:

Արա Կիւլէր հագաւ իր վերարկուն եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց համալսարանին եւ ներկաներուն:

Շնորհաւորական ելոյթ մըն ալ ունեցաւ հռչակաւոր գրող Օրհան Փամուք, որ բազմակողմանիօրէն արժեւորեց հայ լուսանկարիչի կեանքն ու գործը: Ան հաստատեց թէ ինքզինք գրագէտ զգաց, այն պահուն երբ Արա Կիւլէրի կողմէ նկարուելու հրաւէր ստացաւ: Աւելցուց նաեւ թէ իրեն համար պատիւ մը եղած է պրպտումներ կատարել Արա Կիւլէրի լուսանկարչական արխիւին մէջ, ուր աւելի քան 800 հազար լուսանկար կայ: Փամուք նայած է ասոնցմէ 50 հազարին, եւ աշխատանք տարած է որպէսզի իր գիրքերուն համար լուսանկարներ ընտրէ այդ արխիւէն:
Պատուոյ երեկոն աւարտեցաւ տեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ, որ նոյնպէս կը ցոլացնէր Արա Կիւլէրի անցած ուղին:
Այս առիթով, համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արա Կիւլէրի գործերու ցուցահանդէսին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ ամսու վերջ: