Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը փորձէ արդարացնել իր հետախոյզներուն կողմէ կատարուած վայրագութիւնները՝ յայտարարելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քարվաճառի շրջանին մէջ ձերբակալուած ատրպէյճանցի հետախոյզները «ոչ մէկ ապօրինի բան կատարած են»:
«Արմէնփրես» վկայակոչելով ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է հետախուզական-սադրիչ խումբերու միջոցով տարբեր հետախուզական գործողութիւններու իրականացումը եւ նշած, որ Քարվաճառի մէջ ձերբակալուած անձերը պետական սահման չեն խախտած:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը դարձեալ շրջանառութեան մէջ դրած է իրենց կեղծ թեզը, թէ «գրաւեալ տարածքներ»-ը գերիշխան Ատրպէյճանի հողերն են, եւ ոչ ոք կրնայ արգիլել ատրպէյճանցիներուն գտնուիլ եւ ազատ տեղաշարժիլ այդ տարածքներուն մէջ:
Փաստօրէն, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը օրինաչափ կը նկատէ ոչ միայն դրացի պետութիւններու սահմաններուն խախտումը, այլ նաեւ ազգային պատկանելիութեան հողի վրայ անմեղ մարդոց սպանութիւնները: