Զեկուցումը ներկայացուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին հարցերու եւ ընդարձակման յանձնակատար Սթեֆան Ֆիւլէի կողմէ:
Զեկոյցին մէջ յատուկ նշուած է Թուրքիոյ անընդունելի կեցուածքը, որ յայտարարած է թէ 6 ամսուայ համար պիտի սառեցնէ իր յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ, երբ 1 Յուլիս 2012ին այդ պաշտօնը պիտի փոխանցուի Կիպրոսի հանրապետութեան:
Կիպրոսի հանրապետութեան դէմ իր պարտականութիւններուն մէջ անբաւարար գտնուած է Թուրքիա, Եւրոպական Միութեան կողմէ պատրաստուած եւ երկրի անդամակցութեան հեռանկարները քննող զեկոյցին մէջ, որ նոր հրատարակուած է:
Նոյնպէս, հոն տեղ գտած են քարիւղի պեղումներու հարցով Կիպրոսի հանդէպ կատարուած սպառնալիքները, որ հակառակ «Քոմիսիոնի եւ Ապահովութեան Խորհուրդի թելադրանքներուն, որեւէ արձագանգումի չեն արժանացած Թուրքիոյ կողմէ»:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները անմիջապէս հակազդած են տրուած զեկուցումին, արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը:
Այս հարցի կապակցութեամբ հանդէս եկած է ԷՏԷՔի կիպրացի եւրոերեսփոխան Քուլիս Մաւրոնիքոլաս, «տկար» բնորոշելով Ֆիւլէի զեկուցումը, յիշեցնելով թէ միջազգային քաղաքական շրջանակները (ԱՄՆ, Ռուսաստան) խստօրէն դատապարտած են Թուրքիոյ վերջին կեցուածքները: Ան նշեց, թէ գրգռիչ կեցուածքով դարձեալ հանդէս կուգայ Թուրքիա, որ գիտական- հետազօտական «Փիրի Ռէյս» նաւը դարձեալ ուղարկած է NOBLE ընկերութեան քարիւղի պեղումներու վայրին մօտ:
Կրօնական ազատութիւններու հարցը
Զեկոյցին մէջ յատուկ նշուած է Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններու հարցը, յայտնելով թէ «տեղաշարժ կայ կրօնական ազատութիւններու ապահովման խնդրին մէջ: Այս տարուայ Սեպտեմբերին՝ 1915 թուականէն ի վեր, երկրորդ անգամ ըլլալով, ժամերգութիւն կազմակերպուեցաւ Վանի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ» կը գրէ զեկոյցը, աւելցնելով թէ Թուրքիոյ մէջ բնակող քրիստոնեաները լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն, յատկապէս կրօնաւորներու պատրաստութեան հարցերու մէջ: «Հայոց պատրիարքի առաջարկը, հայ կրօնաւորներ պատրաստելու աստուածաբանական վայրի մը բացման կապակցութեամբ՝ արդէն չորս տարի է որ քննարկման հանգրուանի մէջ է» նկատել կը տրուի զեկոյցին մէջ:
Մանրամասն անդրադարձ կայ նաեւ Հրանդ Տինքի դատավարութեան, ուր տեղ տրուած է փաստաբաններու դժգոհութիւններուն: