Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներուն մէջ թրքական լոպպիստական կազմակերպութիւնները ծրագիր մշակած են 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ակնկալուող քայլերուն հակազդելու նպատակով:

Մասնաւորապէս, Ուաշինկթընի մէջ գործող թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը, որը ստեղծուած է 1979 թուականին՝ հայերու մեղադրանքներուն բոլոր ճակատներուն պատասխանելու համար, «գլխաւոր ծրագիր» պատրաստած է: Այս մասին կը գրէ Hurriyet Daily News-ը:
Գործնական եւ արագ արձագանգման նախապատրաստուելու համար Սեպտեմբերին Ուաշինկթըն հրաւիրուած են բոլոր թրքական խումբերը, որոնք ընդգրկուած են քարոզարշաւին:
«Գործնական միջոցները» կը նախատեսեն «ակտիւիստներու կոմիտէներու» ձեւաւորում, որոնք իւրաքանչիւր նահանգի մէջ պիտի այցելեն օրէնսդիրներուն, քարոզարշաւ պիտի տանին սոցիալական ցանցերու մէջ, կապի մէջ պիտի ըլլան աւանդական մամուլին հետ, համացանցով ամերիկացիներու հետ հանդիպումներ պիտի կազմակերպեն, պիտի տեղադրեն իրենց դասընթացները:
Տարբեր նահանգներու մէջ տեղւոյն համալսարաններու համագործակցութեամբ պիտի կազմակերպեն միօրեայ համաժողովներ: Նախատեսուած է այդպիսի 20 համաժողով կազմակերպել ամերիկացի յայտնի թուրքերու մասնակցութեամբ, ինչպէս օրինակ տոքթոր Մեհմեթ Օզը եւ «քոքա քոլա»ի գլխաւոր տնօրէն Մուհթար Կենթը:
Արագ արձագանգումը կը նախատեսէ անհապաղ հակաքայլեր կատարել պատասխանելու հայկական լոպպիստական խումբերու կազմակերպած ցուցահանդէսներուն, համաժողովներուն, հրապարակումներուն:
Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը պիտի դիմէ գրողներուն եւ հրատարակիչներուն, որպէսզի հայկական մեղադրանքներու վրայ հիմնուած իրենց գիրքին մէջ ներառնեն նաեւ թրքական տեսակէտները:
Թրքական կազմակերպողներու ուշադրութեան տակ պիտի ըլլայ նաեւ Կապիտոլը: Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը Pax Turcica ինստիտուտի հետ համատեղ կրթական ծրագիր պիտի կազմուի Քոնկրեսի անդամներուն համար: Քոնկրեսականներուն անմիջապէս տեղեկատուութիւն պիտի տրամադրուի, երբ անոնք հակաթրքական օրինագիծ ներկայացնեն: Միացեալ Նահանգներու թրքական համայնքը նաեւ դրամահաւաք պիտի կազմակերպէ միջոցառումներու համար, ինչպէս կþընեն հայկական կազմակերպութիւնները: