Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Tert.am կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի՝ Հայաստանի հետ սահմանը բանալու հրահանգին մասին տարածուած լուրին արձագանգած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Օքթայ Վուրալ:

Ըստ անոր, «Հայաստանի հետ սահմանային դարպասը բանալը արտաքին ուժերու ուղղուած պատգամ է»:
Ան նշած է, որ այդպիսի քայլ մը պիտի նշանակէ, որ «օտարներու հետ խաղը պիտի շարունակուի»:
Յիշեցնենք, որ թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Էրտողան յանձնարարած է Սեպտեմբերին Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն հերքած է այն լուրը, թէ Թուրքիոյ վարչապետը յանձնարարած է բանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի Ալիջանի անցակէտը: