Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թրքական «Հիւրիէթ» թերթը կազմած է այն գիրքերու ցանկը, որոնք պէտք է կարդացուին այս տարուան ամառնային արձակուրդներու ընթացքին: Ցանկին մէջ ընդգըրկուած է Յակոբ Պարոնեանի «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» գիրքը:

«Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» գիրքը երգիծանքով կը պատմէ Պոլսոյ 34 թաղամասերու հասարակական եւ առօրեայ կեանքի մասին, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի խնդիրներուն հանդէպ հայ ղեկավարներու անտարբերութեան եւ հարուստ-աղքատ տարանջատման ստեղծած հակասութեան մասին: