Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանական Haggin.az կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի քոնկրեսական, Հելսինքեան յանձնախումբի անդամ Քրիս Սմիթ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի մը ընթացքին վերջինիս փոխանցուած են ցուցակները այն բանտարկեալներուն, որոնք «Միջազգային ներում»-ի տուեալներով քաղաքական բանտարկեալներ են:

«Ես միշտ կը բարձրացնեմ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը: Ես այդ հարցը բարձրացուցած եմ նաեւ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին», ըսած է քոնկրեսականը:
Ան աւելցուցած է.«Անկեղծ զրոյցը տեւած է մէկ ժամ: Կան շատ դրական պահեր՝ մարդոց առեւտուրի դէմ պայքարին մէջ, սակայն ես մտահոգութիւնս յայտնեցի՝ լրագրողներու եւ պլոկըրներու հարցերուն վերաբերեալ: Մենք նախագահին փոխանցեցինք քաղաքական բանտարկեալներու ցուցակները»: Ըստ քոնկրեսականին, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան, մարդոց առեւտուրի դէմ պայքարի եւ Ատրպէյճանի մէջ սեռերու խնդիրներուն առնչուող հարցեր: