Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Գումգափու թաղամասին մէջ Հայաստանի քաղաքացիի սպանութենէն ետք կատարուած ոստիկանական գործողութիւնը՝ թաղամասի հայաստանցի գաղթականներու շրջանակին մէջ մտահոգութեան առիթ դարձած է:

Միջադէպէն ետք ոստիկանութիւնը փողոցներուն մէջ խուզարկած է անցորդները, մտած է տուներ: Գործողութեան մասնակցած է 1600 ոստիկան, նաեւ՝ ոստիկանական ուղղաթիռ մը:
Անհանգստութիւնն ու վախը շրջանի հայ բնակչութեան շրջանին մէջ գերիշխող դարձած է:
Արդէն տասը տարիէ ի վեր Գումգափու թաղամասին մէջ բնակող կին մը պատմած է, որ վերջին երկու տարիներուն թաղամասին մէջ թմրավաճառներ յայտնուած են:
«Տարիներ շարունակ այստեղ կ՛ապրիմ, սակայն երբեք այսքան անհանգիստ չեմ եղած: Փողոցին մէջտեղը թմրեցուցիչ կը վաճառեն: Մինչեւ իսկ թմրեցուցիչները փողոցներուն մէջ օգտագործողներ կան: Ամէն երեկոյ զէնքի ձայներ կը լսենք», պատմած է ան:
Արդէն ինը տարիէ ի վեր Նիշանճա թաղամասին մէջ բնակող հայաստանցի երիտասարդը կ՛ըսէ. «Երեկոյեան ժամերու դրան առջեւ դուրս գալ չենք կրնար: Մտահոգ ենք երեխաներուն համար»:
21 Յունիսին ոստիկանութիւնը փողոցին մէջ գործողութիւն կատարած է: Բոլոր նեղ փողոցները փակած ոստիկանները տարբեր կէտերու վրայ խուզարկութիւններ կատարած են: Հայաստանի քաղաքացիներէն ոեւէ մէկը չէ ձերբակալուած, եւ հայերու տուներուն մէջ խուզարկութիւններ չեն եղած, սակայն ատկէ ետք Հայաստանի քաղաքացիներուն նկատմամբ հալածանքներ սկսած են: Թմրավաճառները հայերու դէմ յարձակում գործած են՝ զանոնք մեղադրելով զիրենք մատնելու յանցանքով: