Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիա, որ ծանր խնդիրներ ունէր Սուրիոյ հետ, հիմա շատ աւելի ծանր կացութեան ենթարկուեցաւ Իրաքի մէջ, ուր ԸՇԻՏ կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Մուսուլը գրաւելէ ետք կը շարունակէ յարձակողական իր յառաջխաղացումը եւ իր տիրապետութեան տակ առնել կը ջանայ Մուսուլի մերձակայ միւս քաղաքներն ալ։

Երէկ տակաւին լուծուած չէր Մուսուլի Հիւպատոսարանէն պատանդ վերցուած դիւանագիտական անձնակազմին հարցը, նաեւ ԸՇԻՏի կողմէ ձերբակալուած թուրք շարժավարներուն խնդիրը։ Բայց Իրաքի ուրիշ քաղաքներն ալ, որոնք դուրս կը մնան Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Պետութեան շրջանէն, վտանգաւոր դարձած են թուրքերու համար եւ կը կարծուի որ այժմ վտանգաւոր նկատուած այս քաղաքներուն մէջ կþապրին մօտաւորապէս 10 հազար թուրք քաղաքացիներ։ Թուրքիոյ Արտաքին նախարարութիւնը կոչ ըրաւ որպէսզի այս մօտաւորապէս 10 հազար թուրքերը կարելի չափով արագ կերպով հեռանան իրենց տեղերէն ու վերադառնան Թուրքիա։ Արտաքին նախարարութիւնը կոչ ըրաւ, բայց որեւէ բացատրութիւն չտուաւ թէ այդ թուրք քաղաքացիները ի՞նչ միջոցներով եւ ո՞ր ճամբաներէն կրնան ապահով կերպով վերադառնալ Թուրքիա։ Արտաքին նախարարութիւնը այս նիւթի շուրջ գոհացաւ ըսելով որ Իրաքէն դէպի Թուրքիա թռիչք կատարող սաւառնակներուն մէջ Թուրքիա վերադարձող թուրք քաղաքացիներուն համար զեղչեալ գին պիտի գործադրուի։ Ձրի ալ չէ, բայց զեղչեալ։

Արտաքին նախարարութիւնը իր կոչին մէջ դիտել կուտայ որ Իրաքի մէջ որեւէ բարելաւում տակաւին չէ տեսնուած, ուստի թուրք քաղաքացիներուն բնաւ յանձնարարելի չէ Իրաք երթալ։
Կ'ենթադրուի որ Հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանին մէջ, որուն մայրաքաղաքն է Էրպիլը, կþապրին մօտաւորապէս 110 հազար թուրքեր, որոնք հոն բնակութեան արտօնութիւն ստացած են։ Բացի անոնցմէ, կան նաեւ զբօսաշրջական նպատակներով գացող-եկողներ, որոնց թիւը յայտնի չէ արտաքին նախարարութեան։ Կը կարծուի որ քրտական շրջանի մէջ ապրող թուրք քաղաքացիներուն վտանգ չի սպառնար։ Բայց հոնկէ դուրս, Մուսուլ, Քէրքիւք, Սէլահատտին, Տիյալա, Անպար կամ Պաղտատ քաղաքները թուրքերու համար վտանգաւոր դարձած են եւ հոն բնակողները շատ ուշադիր պէտք է ըլլան իրենց կեանքի անվտանգութեան տեսակէտէն։
Հիւսիսային Իրաքի քրտական իշխանութիւնները օգնական կը հանդիսանան թուրքերուն, այս պատճառաւ ալ անոնք տասը զրահապատ փոխադրակառքեր Մուսուլ ղրկեցին, որպէսզի եթէ թուրք պատանդները ազատ արձակուին, անոնք ապահով պայմաններու մէջ ու Տուհօքի վրայով Թուրքիա փոխադրուին։
Բայց յայտնի չէ թէ այսքան օրէ ի վեր ինչո՞ւ տակաւին կարելի չէ եղած ապահովել անոնց ազատ արձակումը։ Պատանդ վերցուած թուրք շարժավարներէն մէկը յաջողեցաւ խոյս տալ ու ուրիշ թուրք շարժավարի մը օգնութեամբ կրցաւ Թուրքիա վերադառնալ։ Ան ըսաւ. «Աստուած ո՛չ մէկը այս վայրագ մարդոց ձեռքը ձգէ»։ Ան ըսաւ որ ինք յաջողեցաւ խոյս տալ, բայց հոն մնացած միւս շարժավարները շատ ուժաթափ եւ անօթի են։