Յունաստան-Ատրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւններու հարցերուն
զարկ տալու փոխարէն՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ «գրաւեալ հողերու» մասին խօսեցաւ

Պաշտօնական երկօրեայ այցելութեամբ Աթէնք գտնուող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, երէկ հանդիպումներու շարք մը իրագործեց Յունաստանի մէջ:

Առաւօտեան հանդիպեցաւ Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի հետ նախագահական ապարանքէն ներս, Յունաստանի փոխ վարչապետ Էվանկելոս Վենիզէլոսի ներկայութեան: Առանձին զրոյցներու աւարտին անոնք յայտարարութիւններ կատարեցին մամուլին եւ համաձայնագիրներու ստորագրութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան:
Իլհամ Ալիեւ յաջորդաբար ընդունուեցաւ Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասի կողմէ: Բոլոր տեսակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան ուժանիւթի հարցերու վերաբերող նիւթեր, յատկապէս կազի յունական ՏԵՍՖԱ ընկերութեան 66%ի փոխանցումը ազերիական ՍՈՔԱՐ ընկերութեան եւ ԹԱՓ խողովակաշարի կառուցման ընթացքը:

Նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպումներու աւարտին տեղի ունեցաւ մամլոյ յայտարարութիւններու բաժինը, ուր նախագահ Փափուլիաս անդրադարձաւ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան բարձր մակարդակին, նշելով թէ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը կը զարգանան գոհացուցիչ կերպով: Ան յատուկ անդրադարձաւ Պաքուի Սլաւական համալսարանէն ներս յունարէն լեզուի ուսուցման ամպիոնին, որ սկսած է գործել:
Նախագահ Փափուլիաս նշեց, թէ Յունաստանի ազգային կարեւոր հարցերու շարքին տեղեակ պահած է Ատրպէյճանի նախագահը Կիպրոսի գրաւման հարցին շուրջ, շեշտելով թէ Յունաստան կ'ակնկալէ գործնական լուծումի մը առաջադրումը, որ վերջ պիտի տայ թրքական գրաւման:
Իր կարգին Իլհամ Ալիեւ նշեց թէ երկրորդ այցելութիւնն է որ կը կատարէ Յունաստան, գնահատանքի խօսքերով անդրադառնալով Յունաստանի հետ համագործակցութեան մակարդակին: Ան շեշտեց թէ նոյն լաւ համագործակցութիւնը կը տիրէ միջազգային կառոյցներու մէջ, անդրադառնալով Եւրոպայի Խորհուրդի ազերիական նախագահութեան շրջա- նին, որ պիտի աւարտի տարուայ վերջաւորութեան:
Փոխանակ սակայն մանրամասնելու ուժանիւթի բնագաւառին վերաբերող հարցերուն, ան դարձեալ խօսեցաւ «գրաւեալ հողերու» մասին, շեշտելով թէ աւելի քան 10 տարի է, որ Հայաստան գրաւման տակ կը պահէ Ատրպէյճանի պատկանող հողեր:
Իլհամ Ալիեւի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով, Ատրպէյճանի կրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Ազատ Ռահիմով, Յունաստանի մէջ ազերի դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւ, Սոքար ընկերութեան տնօրէնը եւ պաշտօնակատարներու ու լրագրողներու խումբ մը:


Համաձայնագիրներու ստորագրում

Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երեք համաձայնագիրներ ստորագրուեցան: Առաջին երկուքը Էլմար Մամետիարովի եւ Էվանկելոս Վենիզելոսի միջեւ, Եւրոպական Միութեան դրացիութեան շրջանակներու ծիրէն ներս եւ գիւղատնտեսութեան հարցերու կապակցութեամբ, ապա երրորդ համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Էվանկելոս Վենիզելոսի եւ Ատրպէյճանի երիտասարդական հարցերու նախարարին միջեւ:


Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի «մեղրալուսնին» վրայ
ճնշում բանեցնող ամպեր կան

Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «մեղրալուսնի» շրջանը սակայն, յայտնի է թէ առանց ամպերու չի յառաջանար:
Հակառակ որ Ալիեւ կը յայտարարէ թէ Շահ Տենիզի եւ ԹԱՓի ծրագիրները Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ ամէնէն կարեւոր ուժանիւթային նոր նախաձեօնութիւններն են, Պրիւքսելի մէջ որոշած են ճնշել ՍՈՔԱՐը՝ պատշաճեցում պահանջելով եւրոպական օրինականութեան համաձայն:
Պրիւքսել կը պահանջէ միջ-պետական համաձայնագրի կնքումը Ատրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան «28» երկիրներուն միջեւ, ուր յստակօրէն նշուած պիտի ըլլայ թէ ուժանիւթի տարածման ցանցի մը սեփականատէրը, չի կրնար վաճառել նաեւ բնական կազի պահեստները:
Յունաստան եւ Ատրպէյճան փոխադարձ շահեր ունին: Յունաստան կ'ուզէ յաջող աւարտ տեսնել Հարաւային Խողովակաշարի կառուցման ծրագրին մէջ, մինչ Ատրպէյճան Աթէնքը կը նկատէ ազերիական կազի Եւրոպա մուտքի ամէնէն յարմար անցքը: