ՍԻՐԻԶԱի ղեկավար Ալեքսիս Ցիփրաս «Ձախի պատմական յաղթանակ» բնորոշեց իր կուսակցութեան թեկնածու Ռենա Տուրուի յաղթանակը, Ատիկէի մարզային շրջանէն ներս:
Ան նշեց, թէ ընտրութիւններու արդիւնքը կարեւոր քայլ կը հանդիսանայ, քաղաքացիներու ազատութեան ճամբան ցոյց տալով, փաստօրէն սեղանի վրայ դնելով ազգային ընտրութիւններու կայացման հարցը:
Վարչապետ Անտոնիս Սամարաս եւ ՓԱՍՕՔի նախագահ Էվանկելոս Վենիզէլոս, ըսին թէ կÿընդունին քուէատուփերէն յառաջ եկած պատգամները, այսուհանդերձ՝ չեն նկատեր թէ ընկերութեան մօտ յեղաշրջում յառաջացած է:
Աջակողմեան «Ոսկի արշալոյս»ը ընտրութիւններու երրորդ ուժը կը հանդիսանայ, ակնյայտ մտահոգութիւններ պատճառելով բոլորին:
Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզային շրջանին մէջ առաջին դիրքի վրայ կը գտնուի Ափոսթոլոս Ծիծիգոսթաս 70,92% արդիւնք բերելով, Եանիս Իոանիտիսի դէմ (29,08%):
Երկրի քաղաքապետական շրջաններու մէջ արձանագրուած արդիւնքներու հիմամբ՝ քաղաքապետներ կ'ընտրուին Եորղոս Քամինիս (Աթէնք), Եանիս Պութարիս (Թեսաղոնիկէ) եւ Եանիս Մորալիս (Փիրէա):
Եւրոընտրութիւններու արդիւնքներու ցուցակ
Սիրիզա 26,53% (6 աթոռ)
Նոր Հանրապետութիւն 23,05% (5 աթոռ)
Ոսկի արշալոյս 9,43% (3 աթոռ)
Էլիա 8,03% (2 աթոռ)
Փոթամի 6,55% (2 աթոռ)
Համայնավարներ 6,04% (2 աթոռ)
ԱՆԵԼ 3,39% (1 աթոռ)
ԼԱՕՍ 2,72%
ԷԷՓ 1,36%
ՏԻՄԱՐ 1,23%
Յունաստանի Ռոտոփի եւ Քսանթիի մէջ
առաջնութիւն շահած է թրքալեզու քաղաքացիներու հիմնած կուսակցութիւնը
Թրակիոյ զգայուն շրջանին մէջ առաջնակարգ դիրքեր գրաւած է «Հաւասարութեան, Խաղաղութեան եւ Բարեկամութեան» (DEB) կուսակցութիւնը, որ հիմնադրուեցաւ Ահմետ Սատիքի կողմէ եւ ներկայիս կը ղեկավարուի Մուսթաֆա Ալի Չաուսի կողմէ: Այս կուսակցութիւնը ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս մահմետական փոքրամասնութեան «թրքական ինքնութեան» հարազատ ու միակ ներկայացուցիչը...