Սիրիզա-ի յառաջընթացը Ատիկէի մարզային շրջանէն ներս, Աթէնքի քաղաքապետարանի մէջ Ղ. Սաքելարիտիսի ընտրական արդիւնքները եւ «Ոսկեայ արշալոյս»ի բարձր ցուցանիշը՝ Յունաստանի տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններու Ա. հանգրուանը նշանաւորող ազդակներն էին:
Ինչպէս յայտնի կը դառնայ երէկ Կիրակի 18 Մայիսին կայացած Յունաստանի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններու առաջին հանգրուանի արդիւնքներէն՝ 108 քաղաքապետներ արդէն ընտրուած են, իսկ աւարտական հանգրուանը պիտի կայանայ յաջորդ Կիրակի օր, եւրոընտրութիւններուն հետ զուգահեռ:
Ա տիկէի մարզային շրջանէն ներս, ըստ ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած վերջնական գնահատականներուն, Սիրիզա-ի թեկնածու Ռենա Տուրու եւ Եանիս Սղուրոս կÿուղղուին Բ. հանգրուան: Ռենա Տուրու ստացաւ 23,8% տոկոս, Եանիս Սղուրոսի 22%ին հանդէպ, դուրս ձգելով Եորղօ Քումուցաքոն՝ 14,2% տոկոսով:
Մայրաքաղաք Աթէնքի քաղաքապետութեան համար Բ. հանգրուան կÿուղղուին Եորղոս Քամինիս եւ Ղաւրիիլ Սաքելարիտիս: Քամինիս ստացաւ 21% տոկոս, Սաքելարիտիսի 20,2%ին հանդէպ:
Փիրէայի մէջ Վասիլիս Միխալոլիաքոս եւս կÿուղղուի դէպի Բ. հանգրուան, Մորալիս-Մարինաքիս զոյգին հետ:
Թեսաղոնիկէի մէջ աւելի յստակ էին ընտրութիւններու ար- դիւնքները, որ առաջին կարգի բերին Եանիս Պութարիսը՝ 10 միաւորի յառաջընթաց մը արձանագրելով երկրորդ թեկնածու՝ Սթաւրոս Քալաֆաթիսի դէմ:
«Ոսկեայ արշալոյս»ի ցուցանիշը տպաւորիչ աճ արձանագրեց Աթէնքի եւ ընդհանրապէս Ատիկէի շրջանէն ներս: Խմբակցութեան թեկնածու Իլիաս Քասիտիարիս ստացաւ քուէներու 16,3% տոկոսը Աթէնքի մէջ, նոյնպէս Ի. Փանաեոթարոս չորրորդ դասուեցաւ Ատիկէի մարզային շրջանէն ներս, 11% տոկոսով: «Ոսկեայ արշալոյս»ի շարունակաբար բարձրացող ցուցանիշի տուեալը նկատի առած՝ յայտարարութիւններով հանդէս եկան կուսակցութեանց ղեկավարներ՝ Էվանկելոս Վենիզելոս, Ֆոթիս Քուվելիս եւ Սթաւրոս Թէոտորաքիս: Փիրէայի մէջ, Վասիլիս Միխալոլիաքոս դատապարտեց բռնութեան եւ ճնշումներու մթնոլորտը, իր անձին եւ իր գործակիցներուն դէմ արգիլումներու երեւոյթներ մատնանշելով:
Նշելի է մեծ համեմատութիւններու հասած քաղաքացիներու բացակայութիւնը ընտրութիւններու Ա. հանգրուանէն: Ըստ հրապարակուած տուեալներու՝ ընտրող քաղաքացիներու 59,55% տոկոսը քուէատուփ ներկայացաւ, ժուժկալ եւ անտրամադիր քաղաքացիներու տոկոսը ձեւաւորելով 40%ի շուրջ:
Ինչպէս ցոյց կուտան ընտրութիւններու արդիւնքները, տպաւորութիւններու եւ «պատգամներու» վերջնական հանգրուանը գալ Կիրակի պիտի ամբողջանայ, եւրոընտրութիւններուն հետ զուգահեռաբար իրագործուող քաղաքապետական ընտրութիւններու Բ. եւ աւարտական հանգրուանով: Վարչապետ Անտոնիս Սամարաս յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, ըսաւ թէ Յունաստան պէտք է ցոյց տայ թէ արժանի է յոյն ժողովուրդի զոհողութիւններով կերտուած կայունութեան: