Print
Category: Յունական լուրեր

1994-2014 «Հելլէն խորհրդարանի ճանաչման որոշումէն 20 տարի ետք»
խորագրով ձեռնարկին կը մասնակցին
Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան դէմ պայքարող
երկու թուրք մտաւորականներ՝ 
Ռակըպ Զարաքօլու եւ Սայիթ Չէթինօղլու

Յունաստանի Փիէրիա նահանգի Պոնտական միութիւններու կազմակերպութեամբ՝ Շաբաթ 12 Ապրիլ 2014ին, Քաթերինիի մէջ տեղի կ'ունենայ կարեւոր ձեռնարկ մը, նուիրուած Հելլէն խորհրդարանի կողմէ 1994ին Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման որոշման քննարկումին։
Ծանրակշիռ իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը պիտի պատուեն երկու թուրք անձնաւորութիւններ՝ Ռակըպ Զարաքօլու եւ Սայիթ Չէթինօղլու, որոնք միշտ առաջնակարգ դիրքերու վրայ կը գտնուին մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան պայքարներուն մէջ եւ հալածուած կը մնան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար իրենց յանդուգն կեցուածքներուն պատճառով։ Ձեռնարկին կը մասնակցի նաեւ յայտնի փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս, որ պիտի ներկայացնէ «Տրապիզոնէն՝ Սթոքհոլմ. Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը» նիւթը։
Նշենք որ երեք դասախօսները համահեղինակներն են Պոնտոսի մէջ յոյներու ցեղասպանութեան նիւթին անդրադարձող գիրքի մը, որ լոյս տեսաւ երկու տարի առաջ, յունարէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Ինչպէս կ'իմանանք նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ, Ռակըպ Զարաքօլու ներկայ պիտի գտնուի Ուաշինկթընի Քափիթոլ Հիլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկին։