24 ժամուայ ընդհանուր գործադուլ յայտարարած են այսօր Յունաստանի մէջ աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաները, ինչ որ կը նշանակէ թէ գործադուլի մէջ են բժիշկներ, լրագրողներ, դեղագործներ, քաղաքապետութեանց մօտ աշխատակիցներ, իրաւաբանական ու դատական մարզէն ներս աշխատողներ, եւայլն:
Փոխադրութիւնները դժուար պիտի իրագործուին, որովհետեւ գործադուլին կը մասնակցին երկաթուղիներու պաշտօնեաները: Այսուհանդերձ, մեթրօ եւ թրամվայ կանոնաւոր պիտի գործեն, իսկ հանրակառքերը առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ գիշերուայ ժամը 9ը պիտի գործեն:
Սենտիքաները կոչ ուղղած են բոլորին, մասնակցելու Աթէնքի Քլաթմոնոս հրապարակին վրայ առաւօտեան ժամը 11ին նախատեսուած ցոյցին, բողոքելու համար գործազրկութեան եւ աշխատանքային պայմաններու վատթարացման դէմ: Անոնք խստօրէն կը դատապարտեն կառավարութեան կողմէ շարունակուող տընտեսական քաղաքականութիւնը, որ հարիւրա-ւոր գործատեղիներու փակման պատճառ դարձած է եւ տասնեակ հազարաւոր աշխատողներ զրկած է իրենց գործերէն եւ նուազագոյնի իջեցուցած է աշխատավարձքերը: