Print
Category: Յունական լուրեր

Թուրքիոյ Ռազմական բարձրագոյն խորհուրդի որոշումով՝ Եւրոպական Խաղաղապահ ուժերու ղեկավարի պաշտօնին վրայ նշանակուած է թուրք զօրավար Հաքան Էսէրը:

Թրքական Աքշամ թերթը լուրը կը հաղորդէ յոխորտանքով, դիտել տալով թէ «առաջին անգամ ըլլալով՝ յունական հողի վրայ թուրք զօրավար մը պիտի ղեկավարէ ՆԱԹՕի ուժերը», որոնց կեդրոնատեղին՝ կեդրոնական Յունաստանի Լարիսա քաղաքին մէջ է:

ՆԱԹՕ դիտել կուտայ թէ Լարիսայի մէջ պահուած ուժերու նպատակը՝ Պալքաններու մէջ խաղաղութեան պահպանումն է:

Տխուր զուգադիպութի՞ւն է, որ նախորդ ղեկավարն ալ Սքոփիացի մըն էր...

Թրքական թերթերը կը գրեն թէ զօրավարը Հայկական Հարցի «մասնագէտ» մըն է: Ան «Պողազիչի» համալսարանին մէջ դոկտորի տիտղոսին արժանացած է՝ ուսումնասիրելով Հայկական Հարցը ու կեդրոնանալով յատկապէս այն ազդեցութեան վրայ, զոր Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպին կ՛ունենայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վրայ։ Այս նիւթը ան հետագային ալ զարգացուցած է բազմաթիւ յօդուածներու եւ գրութիւններու մէջ: